2011-08-20 12:17:42

Հրանոյշ Յակոբեանի Համաձայն. ՜՜Համահայկական Խաղերուն Մէջ Բոլորը Կը Յաղթեն՝՝


ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 19 Օգոստոսին ընդունեց Համահայկական 5րդ խաղերու Պոլսոյ կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին կոմիտէի ատենապետ Ղազարոս Ունան, փոխատենապետներ Կարօ Համամճիօղլու, Գարուն Գովան, անդամներ Հայկարամ Կարասու, Ռոմանոս Ճեզուեճեան եւ Նազար Հանչեր:
Համահայկական 5րդ խաղերուն համար Պոլիսէն ժամանած է 150 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն: Պոլսահայ մարզիկները կը մրցին 8 մարզաձեւերու մէջ՝ ֆութպոլ, ֆութզալ, վոլիպոլ, պասքեթպոլ, թենիս, լող, թեթեւ աթլեթ եւ ճատրակ: Ողջունելով հիւրերը՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ուրախութեամբ նշեց, որ Հայաստանի անկախութեան 20ամեակին նուիրուած «Միասնութիւն սփորթի միջոցով» նշանաբանով իրականացուող Համահայկական 5րդ խաղերուն Պոլիսէն ժամանած պատուիրակութիւնը ամենապատկառելիներէն է:
«Համահայկական խաղերում պարտուողներ չկան, համահայկական խաղերում յաղթում են բոլորը. յաղթում է հա՛յը, հայութի՛ւնը», ըսաւ նախարար Հ. Յակոբեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պոլսահայութեան կրթական, մշակութային, երիտասարդութեան հիմնախնդիրներուն առնչուող հարցեր: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն աւելի աշխոյժ կերպով մասնակցելու եւ համագործակցութիւնը զարգացնելու շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.