2011-08-20 12:17:52

Լիբանանահայ Համայնքի Յարանուանական Եւ Ազգային Քաղաքական Ներկայացուցիչներու Հանդիպում։


Լիբանանահայ համայնքի յարանուանական եւ ազգային-քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, հինգշաբթի յետմիջօրէին, հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ: Խորհրդակցական այս հանդիպումին օրակարգի կէտերը կը վերաբերէին շրջանին եւ երկրին քաղաքական նորագոյն զարգացումներուն, լիբանանահայ համայնքին վերաբերող խնդիրներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ ընդհանուր աշխատակարգի մը որդեգրման անհրաժեշտութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.