2011-08-20 12:16:24

Ալմուտէնայի Սուրբ Կոյսը


Աւանդութեան համաձայն Մատրիտի մէջ Աստուածմայրը կը յիշուի Ալմուտէնա անունով. որով անոր արձանը շատ մը տարիներու ընթացքին պահուած մնացած է Ալմուտինի (արաբերէնով շտեմարանի) մէջ։ Կը պատմուի թէ ատաղձագործ մը արաբական արշաւի նախօրեակին՝ Տիրամօր Պատկերը ապահով տեղ մը կը պահէ։ Երբ Ալֆոնս Զ.ի բանակը կը վերագրաւէ Մատրիտը, Մատրիտի քաղաքացիները որ իմացած էին Տիրամօր Պատկերին մասին, կը սկսին զայն փնտռել ամէնուրէք եւ իննօրեայ աղօթքէ ետք 9 նոյեմբեր 1085-ին, հաւատացեալները կը սկսին հաւանական վայրերու մէջ փնտռել Սրբապատկերը։ Ու երբ խումբ մը հաւատացեալներ կ՝անցնէին Գուէսթա Տէ Լա Վէկայի շէնքին տակ, յանկարծ պատի կտոր մը գետին կ՝իյնայ ու անոր ետեւը կ՝ երեւի Տիրամօր արձանը, որ հոն պահուած մնացած էր 373 տարիներ ամբողջ։ 1977-ի յուլիս մէկին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. քահանայապետը, Ալմուտէնայի Սուրբ Կոյսը հռչակեց Մատրիտի Թեմի Պաշտպան Սուրբ, եւ 1993-ին՝ եկեղեցւոյ օծման առթիւ ,Ալմուտէնա Տիրամօր արձանը զետեղուեցաւ Աւագ Խորանի աջ կողմը։








All the contents on this site are copyrighted ©.