2011-08-19 10:53:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մատրիտի Առաքելական Ճամբորդութիւնը - Երիտասարդներու Ընդունելութեան Արարողութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Մատրիտ ժամանեց 18 օգոստոսի կէսօրին ու յետ միջօրէին՝ Մատրիտի Plaza de Cibeles հրապարակի վրայ <<երիտասարդներու ընդունելութեան արարողութեան>> առթիւ հանդիպում ունեցաւ Մատրիտ ժամանած բազմաթիւ Երիտասարդներուն։
Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ, զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն հրաւիրելով զանոնք ապրելու այս երիտասարութեան համաշխարհային օրերը աղօթքի եւ եղբայրութեան հոգիով, վկայելով Եկեղեցւոյ կենսունակութիւնը եւ բաժնեկցելով այս հարստութիւնը ուրիշներու հետ միասին։ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութեան խօսք մը ուղղելով Մատրիտի Քաղաքապետին մատնանշեց թէ <<Մատրիտը այսօր աշխարհի երիտասարդութեանց մայրաքաղաքը կը հանդիսանայ ուր համայն եկեղեցւոյ աչքերը սեւեռած են >>։ Սրբազան հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Կարտինալ Րուքօ Վալերային որ իր թեմէն ներս կը հիւրընկալէ Երիտասարդութեան Համշխարհային օրը եւ որուն համար -ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - <<ջանասիրութեամբ աշխատանք տարուեցաւ համայն աշխարհի եկեղեցիներու հետ միասին>> ու ապա յատուկէն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Սպանական իշխանութիւններուն իրենց ներկայութեան ու տուած առատաձեռն աջակցութեան այս հանդիսութիւններու յաջողութեան համար>>։
Սրբազան Քահանայապետի Ողջոյնի խօսքէն ետք, խօսք առին նաեւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող հինգ երիտասարդներ իւրաքանչիւրը իր լեզուով, ու ապա հինգ նուէրներ շնորհեցին սրբազան հօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.