2011-08-19 12:58:10

Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, հինգշաբթի, 18 օգոստոսի առաւօտեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարին` նուիրուած «Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» նիւթին: Համագումարի կազմակերպական բոլոր աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը` գլխաւորութեամբ բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի: Մասնակիցները եկած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Հիւսիսային թէ Հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն, Թուրքիայէն եւ Միջին Արեւելեան այլազան երկիրներէ։ Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Ժիրայր Դանիէլեան բարի գալստեան խօսքէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական օրհնութեան իր խօսքը արտասանեց` մատնանշելով այն մտահոգութիւնները, որոնք սկսած են ոչ միայն տարածում գտնել, այլեւ արմատաւորուիլ ու «բնական» նկատուիլ արեւմտահայերէնի գործածութեան մէջ: Վեհափառը խորապէս մտահոգիչ գտաւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութիւնը, սակայն սոյն համագումարին գումարումը բնաւ առիթ չնկատեց այս կացութեան ողբը հիւսելու, այլ միջոց` միասնաբար որոնելու արեւմտահայերէնը բիւրեղացնելու եւ զայն առողջացնելու ազդու ծրագիրներ կազմելու: Արամ Ա. յորդորեց ախտաճանաչումը կատարել կացութեան, որուն պիտի նպաստէ փորձառութեանց փոխանակումը: «Թէ ի՞նչ միջոցներով արեւմտահայերէնը պիտի փրկենք» հարցադրումը կատարելով վեհափառը ըսաւ, թէ մեր սեփական ուժերով զանիկա պիտի փրկենք եւ ոչ միայն քննադատական յօդուածներ ստորագրելով կամ միջազգային մշակութային կամ լեզուագիտական կազմակերպութիւններուն դիմելով: «Հայոց լեզուն մեր արիւնն է, առանց անոր բնականոն շրջանառութեան, մեր ազգի մարմինը պիտի հիւծի ու անշնչանայ», ըսաւ վեհափառը։ Խօսք առաւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան մատնանշեց սփիւռքի այն մտահոգութիւնները, որոնց դիմաց Հայաստանի պետութիւնը որոշ քայլերու դիմած է վերջին տարիներուն: Սփիւռքի նախարարութիւնը, «Սփիւռք գիտա-հետազօտական կեդրոն»ը, «Զանգակ 97» եւ այլն յիշելով` Անանեան ցոյց տուաւ այն հոգածութիւնը, զոր կը ցուցաբերէ հայրենիքը հանդէպ սփիւռքին, որուն գոյութիւնը եւ գոյապայքարը յատուկ նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար. առաջարկեց Հայաստանի պետութեան կողմէ կազմակերպումը մանկավարժներու պատրաստութեան որպէսզի սփիւռքի վարժարաններու մակարդակի բարձրացումը ապահովուի ու նաեւ կատարեց առաջարկը՝ համահայկական լեզուական խորհուրդ ու համահայկական կայքէջ ստեղծելու։
Իսկ երկլեզու` արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն պարբերական կամ օրաթերթ հրատարակելու իր առաջարկով, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնով պատկերասփիւռի կայան հաստատելու միտքով, Անանեան յայտնեց, թէ անոնք մեծապէս պիտի նպաստեն լեզուի ուսուցում կատարելու:
Զեկուցումները յատկացուած էին «Արեւմտահայերէն լեզուի քերականութեան դասագիրքերու այլազանութիւնն ու անկէ յառաջացած շփոթը», «Սփիւռքահայ վարժարաններուն համար արեւմտահայերէնի ուսուցման ծրագիրի մը պահանջը», «Արեմտահայերէնի նոր դասագիրքեր եւ բառարաններ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը» ինչպէս նաեւ՝ «Հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան հրամայականը» հրատապ նիւթերը:
Բոլոր նիստերուն ընթացքին զեկուցաբերներուն կողմէ ներկայացուած ախտորոշումներն ու առաջարկները քննարկումի ենթարկուեցան մասնակիցներուն կողմէ, ապա անոնք բանաձեւի յանձնախումբին կողմէ արձանագրուելով պիտի խմբագրուին գործնական քայլեր առաջարկող յայտարարութեան մէջ, որ պիտի հրապարակուի համագումարի նիստերու աւարտին:









All the contents on this site are copyrighted ©.