Երիտասրադներու Համաշխարհային Օրերու Արձագանգներ Մատրիտի Մէջ։
Ապանիոյ մայրաքաղաք՝ Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Երիտասարդութեան համաշխարհային 26րդ օրը
կ̓ընթանայ մեծ հանդիսութեամբ ու 1.5 միլիոն ոգեւորուած երիտասարդներու մասնակցութեամբ։
Սպանիայի թերթերը եւ լրատուական միջոցները հետաքրքրութեամբ կը հետեւին այս միջազգային
հաւաքին, ու օրաթերթերը իրենց առաջին էջերը ընդհանրապէս կը նուիրեն Սրբազան Հօր խօսքերուն
ու պատգամներուն։ Ուրախութեան եւ Տօնի օրեր։ Մատրիտը - ինչպէս ըսաւ Նորին Սրբութիւնը
- Համայն աշխարհի Երիտասարդներու մայրաքաղաքն է այս օրերուն ու յորդորեց զիրենք աշխատելու
խաղաղութեան ի խնդիր։ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ տեղեկութիւններու արձագանգները
կը տարածուին նաեւ ի սփիւռս աշխարհի ու այս առթիւ կ̓ուզենք յատկապէս մատնանշել Ռատիովատիկանի
Տնօրէնութեան ու անձնակազմի մեծ գործունէութիւնը, որ իր 44 լեզուներու յատագիրներու
միջոցաւ անընդհատաբար կը սփռէ ու կը տեղեկացնէ Սրբազան Քահանայապետի լուրերը` ճառերու
պարունակութիւնը ու երիտասրդաց համաշխարհային օրուայ անցուդարձերը։ Բացի Ռատիոյի սփռումներէն
Ռատիովատիկանի կայքէջը եւս շարունակաբար վերանորոգումի մէջ է ու անոր կից ռատիովատիկանի
լրատուական սպասարկութեան զանազան միջոցները ինչպէս Vatican Ticը կամ Youtube-ի էջը ու
ասոնց յաւելեալ Վատիկանի Պետական հեռուստատեսիլի CTV-ի ուղղակի եթերով սփռումները։ Օգոստոս
18 - 21, 1.5 միլիոն երիտասարդներ համախմբուած՝ Սրբազան Քահանայապետի շուրջ, կ̓ուզեն
հաստատել իրենց հաւատքը ի Քրիստոս ու զայն ճանչցնել նաեւ ուրիշներուն։ «Արմատացած
Քրիստոսի մէջ եւ հաստատ հաւատքով» Հայ Կաթոպիկէ Պատրիարքութիւնը եւս յատուկ կերպով
ու նախաձեռնութեամբ ուզեց իր մասնակցութիւնը բերել երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։
Մատրիտ ներկայ են Սուրիայէն ու Մայր Հայրենիք Հայաստանէն 200 հոգինոց խումբ մը հայ երիտասարդներ.
առաջնորդութեամբ՝ Հայր Յովսէփ Պեզեզեանի ու Գերապայծառ Յովսէփ Վրդ Քէլէքեանի։ Իսկ Լիբանանու
մէջ կազմակերպութեամբ՝ JMJ Madrid 2011-ի Պատրիարքական թեմի յատուկ յանձնախումբին ու
երիտասարդական յանձնախումբին, 20 եւ 21 օգոստոս 2011-ին տեղի կ՜ունենայ թեմական մակարդակի
վրայ երկօրեայ երիտասարդական ուխտագնացութիւն դէպի Ուատի Աննուպինի սրբավայրերը,: Երիտասարդները
թէեւ չկրցան Մատրիտ երթալ զանազան պատճառներու համար (հիմնականը՝ նիւթական), սակայն այս
ձեռնարկի միջոցաւ անոնք կ̓ուզեն ապրիլ նոյն հաստատ հաւատքը, իրենց կեանքը արմատացած
պահելով Քրիստոսի մէջ: Անոնք պիտի միանան ուղիղ համացանցային գիծով համաշխարհային երիտասարդական
օրուան հանդիսութիւններուն Մատրիտի մէջ, եւ նոյն ժամերուն իրենք ալ աղօթքի պահեր պիտի
ունենան: