2011-08-18 12:44:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Բարի Գալուստի Արարողութեան Ընթացքին Արտասանած ճառը Սպանիոյ Իշխանութեան Եւ Ժողովուրդին։


Հինգշաբթի առաւօտ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի Չիամբինօ օդակայանէն մեկնեցաւ դէպի Սպանիոյ մայրաքաղաքը, գլխաւորելու ՝ երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրը։
Կէսօրին քահանայապետական օդանաւը Մատրիտ հասաւ ուր բարի գալուստի համար զինք կը սպասէին Սպանիոյ թագաւորական ընտանիքը, երկրի իշխանութիւնները ու դիւանագիտական մարմինը։
Իր արտասանած ճառով Նորին Սրբութիւնը իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց Արքային, ներկաներուն ու բոլոր անոնց որոնք ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի միջոցաւ կը հետեւին Անոր, նոյնպէս յիշեց նախապէս կատարած այցելութիւնները Սպանիա եւ մասնաւորապէս վերջերս կատարած ուխտագնացութիւնը Սանդիակօ տէ Գամբոսդելլա եւ Պարսելոնա։ Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց որոնք (եկեղեցական թէ աշխարհական) նպաստեցին որ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը լաւագոյնս կատարուի։ Նոյնպէս օրհնեց բոլոր այն ընտանիքները որոնք իրենց դռները բացին հիւրընկալելու 194 երկիրներէն եկած երիտասարդները։
Ձեր մէջ կը գտնուիմ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ., հանդիպում ունենալու աշխարհի բիւրաւոր երիտասարդներու հետ, կաթողիկէներու ու Քրիստոսով հետաքրքրուածներու հետ եւ բոլոր անոնց հետ որոնք հետամուտ են ճշմարտութիւնը ճանչնալու։
Եղբայրներ ու քոյրեր, բացագանչեց Սրբազան Հայրը, ձեր մէջ կը գտնուիմ աւետելու որ Յիսուս Քրիստոս ճանապարհ է, ճշմարտութիւն ու կեանք, քաջալերելու ձեզ յանձնառումով սատարելու Աստուծոյ Արքայութեան կառուցումին աշխարհի մէջ եւ խթանելու երիտասարդները անձնական հանդիպում ունենալու Քրիստոսի հետ, բարեկամութիւն մշակելու Անոր հետ եւ դառնալու Անոր արի վկաները։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը հարց տուաւ թէ ի՞նչու երիտասարդները Մատրիտ համախմբուած են եւ ըսաւ ՜՜ Երիտասարդները Մատրիտ կը գտնուին միատեղ դնելու իրենց ձգտումները, ակնկալութիւնները, փոխանակելու իրենց մշակութային հարստութիւնը ու իրար զիրար ոգեւորելու հաւատքին մէջ։ Անոնք առանձին չեն։ Անոնք կ'աշխատին գիտակցութեամբ ու քաջութեամբ դիմագրաւել կեանքի դժուարութիւնները։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով Սպանիոյ թագաւորին ըսաւ ՜՜կ'ուզեմ յայտնել իմ գնահատանքը ու մօտիկութիւնը Սպանիայի ժողովուրդին, միաժամանակ կը յայտնեմ իմ հիացումս երկրի մը որ հարուստ է իր պատմութեամբ ու մշակոյթով ու իր հաւատքի կենսունակութեամբ, տալով դարերու հոլովոյթին մեծ սուրբեր ու սրբուհիներ, բազմաթիւ այրեր ու կիներ, իրենց հայրենիքը թողուցին Աւետարանը քարոզելու աշխարհի չորս ծագերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.