2011-08-18 11:59:38

Մակի Միջազգային Կազմակերպութեան Ժողովը Ափրիկեան Ծոցին Ի Նպաստ


Հռոմ- Մակի միջազգային կազմակերպութիւնը այսօր 18 օգոստոսին Հռոմի մէջ գումարած է կարեւոր ժողով մը ուսումնասիրելու համար Ափրիկեան Ծոցի տագնապալից վիճակի շուտաբոյթ միջամտութիւնները։ Ժողովին կը մասնակցին 191 երկիրներու հողագործութեան նախարարութիւններ որոնք որոշումներ պիտի ձեռնարկեն անմիջական օգնութիւններ ապահովելու նպատակով տեղւոյն բնակչութեան ու մօտ ապագայի համար ծրագիրներ մշակելու Ափրիկեան Ծոցի ի նպաստ։
Այս ուղղութեամբ Մակի կեդրոնական գրասենեակը արդէն ռազմավարական ծրագիր մը մշակած է որուն կէտնպատակն է պաշտպանել մարդկային գոյատեւումը եւ ապահովել շրջանի կենսամիջոցները։ Այսօրուայ ժողովը կը յաջորդէ անցեալ 25 յուլիսին Հռոմի մէջ գումարուած նախարարներու արտակարգ Ժողովին եւ կը կանխէ ու կը պատրաստէ յառաջիկայ 25 օգոստոսին Ատիս Ապէպայի մէջ գումարուելիք Բարերարներու համաժողովը








All the contents on this site are copyrighted ©.