2011-08-18 11:59:31

Կրօնաբարոյական հարցեր


Սուրբ Երրորդութիւն – 1 -
Քրիստոնէութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ, թէեւ Աստուած մէկ է իր բնութեամբ, սակայն իր մէջ կան երեք անձեր։ Երկրորդ անձն է որ մարմին առաւ եւ աշխարհ եկաւ, փրկելու համար մարդկութիւնը իր մեղքերէն։ Ուշադի՛ր, մեր կրօնքը չ՛ըսեր թէ երեք անձեր մէկ անձ կը կազմեն, ինչ որ անիմաստ պիտի ըլլար. Այլ թէ աստուածային միակ բնութիւնը հասարակաց է այս երեք անձերուն։
Էակի մը բնութիւնը իր գործունէութեան սկզբունքն է, աղբիւրն է իր գործերուն եւ ուրիշ էկաներու կողմէ իր կրած հակազդեցութեան։ Աստուած անշարժ էակ ըլլալով, ոչ մէկ ուրիշ էակ կրնայ իր վրայ ազդեցութիւն գործել. Այսպէս ուրեմն աստուածային բնութիւնը մի միայն գործունէութեան սկզբունք ունի, եւ ոչ մէկ ազդեցութեան ենթարկուած կրնայ ըլլալ։
Անձը խելքով օժտուած էակ մըն է, որ ունի բնութիւն մը­ որ իր գործունէութեան սկզբունքն է, որ զինք կը զանազանէ ուրիշ անձերէն որոնք սասկայն ունին նոյն իր բնութիւնը. Այս զանազանութեան պատճառն է որ այդ անձը ունի առ նուազն մէկ տարր մը որ անփոխանցելի է։
Զոր օրինակ` մարդիկ ունին ամէնքն ալ մարդկային բնութիւնը. Սակայն իրենցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւով կը մասնակցի այդ բնութեան եւ կ՛ենթարկուի անոր օրէնքներուն։ Ամբողջութիւնը այն բոլոր տարրերուն որոնց համեմատ այս մարդը չի կրնար այն միւս մարդն ըլլալ, եւ որ կու տայ իրեն անկախութիւնը ուրիշներէն, կը հիմնէ իր եսը` դնելով տարբերութիւնը իր եւ ուրիշներուն միջեւ, այս ամբողջութիւնը կը կազմէ մարդկային անձը։ Ամէն մարդ ունի հոգի մը, մարմին մը, յատկութիւններ որոնք միայն իրեն յատուկ են. Անոնցմով կը զանազանուի միւս մարդոցմէ. Ունի իր կեանքը եւ իր գործերուն պատախանատուութիւնը ինք կը վերցնէ։
Իսկ այժմ անձի այս ըմբռնումը եթէ պատշաճեցնենք Աստուծոյ, կ՛ունենայ նմանօրինակ իմաստ մը, սակայն ոչ բոլորովին նոյնը, որովհետեւ Աստուծոյ մասին խօսիլ մարդկային բառերով` վտանգի մէջ կը դնէ նոյնացնելու բացարձակը եւ յարաբերականը։ Սակայն հակառակ ասոր, Աստուած կ՛ընդունի որ զինք կոչենք այն խօսքերով որոնք մեզի համար ընտանի կը թուին։
Քրիստոնէութիւնը կը յայտնէ մեզի թէ Աստուծոյ մէջ` կան երեք անձեր, որոնք կատարելապէս աստուածային բնութիւնն ունին, եւ սակայն ամէն մէկը իր մէջ անհաղորդելի նկարագիր մը ունի, անձնական տարր մը, որ զինք կը զանազանէ միւսներէն։ Երբ կը խօսինք մարդոց մասին, որոնք նոյն բնութիւնն ունին, կ՛ըսենք թէ երեք տարբեր մարդիկ են. Բայց երբ կը խօսինք ատուածային անձերուն մասին, չենք ըսեր թէ երեք տարբեր աստուածներ են, այլ` մէկ Աստուած։ Երրորդութիւն բառը շինուած է մասնաւորապէս արտայայտելու համար այս խորհուրդը, մէկ` երեքի մէջ եւ երեք` մէկի մէջ։
Ըսինք թէ խելքը կարող է հասնելու Աստուծոյ գաղափարին, էակի մը որ գեր ի վեր է ամէնքէն եւ բոլոր արարածներէն առաջ է, որովհետեւ ինք Արարիչն է։ Սակայն ի՞նչ կրնար ըլլալ Աստուծոյ գործունէութիւնը յաւիտենականութեան մէջ։ Տեղեակ չըլլալով այս ներքին շարժումին ամենասուրբ Երրորդութեան` ինքիր մէջ, մարդիկ հնարեցին այլազան վարկածներ, կարծելով այսպէսով լուծում մը գտնել Աստուծոյ խորհուրդին։
Յաջորդ մեր զեկոյցին մէջ` պիտի ուսումնասիրենք զանազան փիլիսոփաներու բերած լուծումները տեսնելու համար թէ անոնք ինչ բանի յանգեցան. Ապա պիտի տանք յայտնութեան բերած էական լուծումը, բացատրելով աստուածային խորհուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.