2011-08-18 12:23:46

Աւելի քան 500 հազար Հաւատացեալներ Մասնակցած են Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ Բացման Պատարագին։


Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Ռուոգօ պատարագած է աւելի քան 500,000 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Անոր հետ համապատարագած են 800 եպիսկոպոսներ եւ 8000 քահանաներ։ Պատարագը նուիրուած էր Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին։ Իր արտասանած քարոզին մէջ կարտինալը իր խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ. ՜՜դուք հոս եկած էք բարձրաձայն ըսելու աշխարհին ու Եւրոպային որ խելակորոյսի նշաններ ցոյց կու տայ, որ հաւատքը կարելի է։ Այս օրերը անմոռանալի պիտի ըլլան, առիթ պիտի տան ճանչնալու մեր քրիստոնէական հաւատքը ու վերջնական որոշումներ առնելու ձեր իւրաքանչիւրին կեանքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.