2011-08-18 12:28:23

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչները։


Երեքշաբթի, 16 օգոստոսին, Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան նախագահը՝ Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ վեր. Փոլ Հայտոսթեան նախագահը՝ Հայկազեան համալսարանին:
Վերապատուելիները վեհափառին այցելած էին խորհրդակցելու համար ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող հարցերու եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցին առնչուած շարք մը ծրագիրներու շուրջ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ աւելի ամրապնդելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը: Այս առիթով վեհափառը նաեւ մեծապէս գնահատեց Հայկազեան համալսարանի նպաստը լիբանանահայ կեանքին, մասնաւորաբար կրթական մարզին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.