2011-08-18 12:28:03

Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Պիտի Մատուցուի 11 Սեպտեմբերին։


Աղթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարուան պատարագը տեղի պիտի ունենայ 11 Սեպտեմբերին: Այսպէս յայտարարած է Վանի մէջ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդը՝ Արամ արք. Աթէշեան «Տողան» գործակալութեան։ Արամ Աթէշեան յոյս յայտնած է, որ պատարագի արարողութիւնը պիտի անցնի հանգիստ պայմաններու մէջ եւ առանց որեւէ խնդիրի:
«Անցեալ տարի որոշ բողոքներ եղան այն պատճառով, որ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը տեղադրուած չէր: Այս տարի խաչը տեղադրուած է եւ որեւէ խնդիր չկայ: Յոյսով ենք, որ ամէն ինչ պիտի անցնի հանգիստ պայմաններու մէջ»,- ըսած է Աթէշեան արքեպիսկոպոսը ` տեղեկացնելով նաեւ, որ պատարագին մասնակցելու համար որեւէ պաշտօնական հրաւէր պիտի չըլլայ:
Յիշեցնենք, որ Աղթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ վերանորոգուած է 2007ին: Միայն երեք տարի անց՝ պաշտօնական Անգարան թոյլատրեց տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցել եկեղեցւոյ մէջ: Առաջին պատարագը մատուցուեցաւ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի ձեռամբ անցեալ տարուան 19 Սեպտեմբերին: Սակայն եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը տեղադրուեցաւ պատարագէն մօտ տասը օր անց:








All the contents on this site are copyrighted ©.