2011-08-17 15:02:06

Մահափորձ Մը Իրաքի Քիրքուք Քաղաքի Ասորի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Մը Դէմ։


15 Օգոստոսի գիշերը, ռումբ մը պայթած է Իրաքի Քիրքուք քաղաքի Ս. Եփրեմի նուիրուած ասորի օրթոտոքս եկեղեցւոյ մը դէմ։ Բարեբախտաբար քրէական այս վատ արարքը ոչ մէկ զոհ պատճառած է, սակայն եկեղեցին մեծապէս վնասուած է։ Նշենք թէ անցեալ 2 օգոստոսին նոյն քաղաքին մէջ մահափորձ մը կատարուած էր Ս. Ընտանիքի կաթողիկէ ասորի եկեղեցւոյ դէմ եւ որուն հետեւանքով 20 հոգի վիրաւորուած էին։ Մուսուլի կաթողիկէ եպիսկոպոսը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտարարած է որ այս ոճրագործութիւնները արդիւնքն են ''իշխանութեան տկարութեան'' անկարող՝ երաշխաւորելու անվտանգութիւնը ու կայունութիւնը։ Քիրքուք քաղաքը, որ քիւրտերու տիրապետութեան տակ կը գտնուի, կը հաշուէ աւելի քան 600.000 բնակիչ եւ քարիւղի հանքեր ունի։








All the contents on this site are copyrighted ©.