2011-08-17 15:07:18

Հայ Հինգ Լեռնագնացները Գազպեգի Գագաթին Ծածանած Են Հայոց Եռագոյնը։


Լեռնագնացութեան եւ լեռնային զբօսաշրջութեան հայկական դաշնակցութիւնը Սեպտեմբերին պիտի ստեղծէ մարզական ակումբներ եւ պիտի սկսի աշխոյժ մարզումներ իրականացնելու պատանիներու հետ: Կը նախատեսուի համալսարաններու մէջ ունենալ լեռնագնացութեամբ զբաղող միաւորումներ: Կը նշուի, թէ շուրջ 120 երիտասարդ դիմած է լեռնագնացութեամբ զբաղելու խնդրանքով: Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 8ին, Հայաստանի լեռնագնացութեան եւ լեռնային զբօսաշրջութեան դաշնակցութեան հաւաքական խումբի հինգ լեռնագնացներ նուաճած են Գազպեգի գագաթը (5033 մեթր), այնտեղ պարզելով հայոց Եռագոյնը: Լեռնագնացներէն երեքը իգական սեռի ներկայացուցիչներ են, որոնցմէ երկուքը նոր կը սկսէին իրենց քայլերուն լեռնագնացութեան մէջ: Այսպիսով, մէկ ամսուան ընթացքին, Լեռնագնացութեան եւ լեռնային զբօսաշրջութեան հայկական դաշնակցութիւնը կատարած է երկու յիշատակելի վերելքներ՝ Տեմավենտ (5671 մեթր) եւ Գազպեգ (5033 մեթր):









All the contents on this site are copyrighted ©.