2011-08-16 13:50:48

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարմեան Աղօթքը


Երկուշաբթի 15 օգոստոսի կէսօրին՝ Նորին Սրբութիւնը քահանայապետական ամարանոցի Առաքելական Պալատէն Հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը արտասանեց հարիւրաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Սրբազան Հայրը իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, օգոստոս ամսոյն մէջ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը մեծ հանդիսութեամբ կը յիշատակուի Արեւելեան ու Արեւմտեան եկեղեցիներէն։ Երջանկայիշատակ Պիոս 12-րդ Քահանայապետը 1950ին հռչակեց Աստուածածնայ Վերափոխումը որպէս հաւատոյ վարդապետութիւն։ Սակայն Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը արդէն կը յիշատակուէր քրիստոնէութեան արշալոյսին։
Այս տօնը յոյսի եւ ուրախութեան խորհուրդ է բոլորիս համար։ Մարիամի մէջ կը գտնենք վախճանը մեր կեանքին ու մեզի կ'երաշխաւորէ թէ մենք Քրիստոսի մօտ պիտի ըլլանք Աստուծոյ ուրախութեան մէջ ու կը հրաւիրէ մեզ որ քաջութիւնը ունենանք հաւատալու Քրիստոսի Յարութեան Զօրութեան։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները միանալու դէպի Մատրիտ ընթացող երիտասարդներուն, ապրելու համար երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։
Ձեզ կը հրաւիրեմ խորհրդածելու մեր հաւատքի գանձին մասին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ մեզի հաղորդուեցաւ ու սիրով ընդունեցանք։ Վեհանձնութեամբ համապատասխանենք Տիրոջ կանչին ապրելով աւետարանի պատուիրաններու համաձայն։ Մենք առանձին չենք այս ճանապարհին վրայ։ Ճանչնանք մեր Տէրը որպէս աղբիւրը ու լիութիւնը երջանկութեան, որուն կը ձգտինք։ Թող Տիրամայրը ըլլայ մեր տիպարը։
Ձեզի բոլորիդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.