2011-08-16 13:44:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քարոզը Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առթիւ։


Երկուշաբթի 15 օգոստոս 2011, տօն Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման,Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 8-ին պատարագ մատոյց Գասթել Կոնտոլֆոյի՝ Ս. Թովմասի նուիրուած ժողովրդապետութեան մէջ։
Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք, Սրբազան հայրը քարոզ մը արտասանեց բացայայտելով Աստուածածնայ վերափոխման խորհրուրդը։
Աստուածածնայ վերափոխման տօնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քրիստոնեայ աշխարհին ամենասիրելի տօներէն մէկն է։ Անիկա կը յիշատակէ Տիրամօր Երկինք Վերափոխումը հոգւով ու մարմնով, այսինքն մարդկային իր ամբողջ էութեամբ եւ այսպէսով մեզի տրուեցաւ ուրախութիւնը վերանորոգելու մեր սէրը Մարիամի հանդէպ, զայն գովաբանելով ու մեծարելով բոլոր այն բաներու համար որ Ամենակալը Անոր ըրաւ ու Անոր միջոցաւ իրագործեց ''Միածին Որդիին մարդեղութիւնը''։
Ս. Կոյս Մարիամի մասին խորհրդածելով, յարեց Սրբազան Հայրը, մեզի տրուեցաւ այլ շնորհք մը` այն է տեսնել խորութեամբ մեր կեանքը։ Այո նոյնիսկ մեր առօրեայ կեանքը իր հարցերով ու յոյսերով լոյս կ'ընդունի Ս Աստուածածինէն, անոր հոգեւոր կեանքէն ու անոր փառաւորեալ վախճանէն։ Անոր կեանքը նախապատկերն է մեր կեանքին ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Տիրամօր մասին խօսելով, կերպով մը մեր մասին խօսած կ'ըլլանք, որոովհետեւ մենք եւս սահմանուած ենք Աստուծոյ անհուն սէրէն։ Ս. Կոյս Մարիամը դիտելով մեր սիրտը կը բացուի յոյսին, ուրախութեամբ լի ապագայի մը, ու մեզի կը սորվեցնէ եղանակը հասնելու այդ փառաւորեալ կեանքին։ Հաւատքով ընդունիլ անոր Որդին, բնաւ չխզել բարեկամութիւնը Անոր հետ եւ թոյլ տանք մենք մեզի, ըսաւ Սրբազան Հայրը, որ Իրմով լուսաւորուինք ու առաջնորդուինք նոյնիսկ երբ դժուար պահու մէջ գտնուինք։
Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խորհրդածութիւնը ըսելով.
Մարիամ որ կը գտնուի երկնային սրբավայրին մէջ թող բացայայտօրէն մեզի ցոյց տայ ուղին, որպէսզի մենք ընթանանք դէպի մեր ճշմարիտ ու վերջնական տունը, ուրախութեան ու խաղաղութեան հաղորդութիւնը Աստուծոյ հետ. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.