2011-08-16 14:04:26

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Հաւատքի Եւ Ուրախութեան 25 Տարիներ
1986-էն Մինչեւ Այսօր։


Հռոմէն Մատրիտ - Հաւատքի եւ ուրախութեան 25 տարիներ։
1984-ի ապրիլ 22ին Ծաղկազարդի տօնին առթիւ 250 հազար երիտասարդներ աշխարհի զանազան վայրերէն կը խուժեն Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը։ Հոն Ժամադրուած էին 1983-ի սուրբ տարուայ փակման առիթով` ընդառաջելով՝ Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրին որ իրենց կը յանձնէ <<խաչ>> մը։ 12 ամիս ետք այս նոյն հաւաքը կը կրկնուի միեւնոյն խանդավառութեամբ։ Երիտասարդութեան Միջազգային Տարուայ առթիւ 31 մարտին երիտասարդները կը համախմբուին սրբազան քահանայապետի շուրջ աղօթքի` բաժնեկցութեան` եւ զրոյցի հանդիպումի առիթով։ Նոր սերունդի աննախընթաց պատասխանն էր ՅՊԲ հրաւէրին։ 30 դեկտեմբեր 1985 ին Վոյթիուա Քահանայապետը կը հռչակէր Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ հասատատումը։

Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրը առաջին անգամ նշուեցաւ 1986-ի մարտ 23ին` ծաղկազարդի օրը։ Այդ օրէն ետք կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայն թեմերուն մէջ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը ամէն տարի կը նշուի ծաղկազարդի տօնին առթիւ։ Մինչ ամէն երկու կամ երեք տարին անգամ մը, այս հանդիպումը կը ստանձնէ Միջազգային Հաւաքի հանգամանք։ Համայն աշխարհէն երիտասարդներ կը հանդիպին Սրբազան Քահանայապետի կողմէ որոշուած մէկ քաղաքի մէջ , որպէսզի միասին խորհրդածեն ու զեկուցեն իրենց հաւատքի մասին ու Սրբազան Քահանայապետի կողմէ այդ առթիւ իրենց ուղղուած պատգամին։

25 տարիներէ ի վեր երիտասարդութեան համաշխարհային օրը կը ներկայանայ որպէս երիտասարդութեան հաւատքի զօրեղ փերձառութիւնը որ երիտասարդները իրենց ամբողջ խանդավառութեամբ եւ լաւատես ապագայի յոյսի զգացումներով կը տեսնէ եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան գլխաւոր դերակատարներ։ Ուրախութեան ուխտագնացութիւն մըն է եւ այս հաւաքի մասնակցողները անմոռանալի յիշատակներով կը վերադառնան իրենց բնակավայրերը։

Առաջին միջազգային հաւաքը տեղի ունեցաւ 1988-ին՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։
1989-ին՝ Սպանիայի Սանդիակօ Տէ Գոմբոսդելլայի մէջ, ապա 1991-ին՝ Լեհաստանի Չէսթոխովայի մէջ, ՅՊԲ-ի ծննդավայրը։
Անկէ երկու տարի ետք երիտասարդները կը հաւաքուին Միացեալ նահանգներու Տէնվէր քաղաքը, իսկ 1995 ին՝ կը ժամադրուին Մանիլա։ 1997-ին Փարիզ ապա 2000-ին՝ Յոբոլենական Տարւոյն առթիւ, Հռոմ՝ ուր այս առթիւ աւելի քան 2 միլիոն երիտասարդներ միասնաբար երգեցին <<նոյն լոյսին տակ եւ Անոր խաչին ոտքին>>։ նոյնիսկ իր հիւանդութեան ատեն ՅՊԲ չուզեց մինակ թողուլ երիտասարդները ու 2002-ին, Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ իրենց հետ միասին նշեց երիտասարդութեան համաշխարհային 17-րդ օրը որ եղաւ նաեւ ՅՊԲ երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետի վերջինը։

ՅՊԲ-ի մահէն ետք, Պենետիկտոս ԺԶ. եւս ուզեց շարունակել իր նախորդին ուղին ու 2005ի օգոստոսին Գերմանիոյ Գոլոնիա քաղաքի մէջ հանդիպեցաւ երիտասարդներուն։ Հանդիպում մը որ կրկնուեցաւ 2008-ի յուլիսին Աւսդրալիոյ Սիտնէյ քաղաքին մէջ , եւ այժմ 2011-ի օգոստոսին տեղի կ՝ունենայ Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքը։
Համայն աշխարհէն երիտասարդներ Մատրիտի մէջ պիտի համախմբուին (16 - 21 օգոստոս) միասնաբար աղօթելու` զրուցելու ու անցնելու եղբայրական զուարճալի պահեր իբրեւ բնաբան ունենալով <<Արմատացած եւ Հիմնուած Քրիստոսով` ամրապնդուած հաւատքի մէջ>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.