2011-08-16 14:07:10

Անիի Մայր Տաճարը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Մշակութային Ժառանգութեան Թեկնածու։


Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Կարսի նահանգային վարչութեան պետ Հաքան Տողանայը «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուելու թեկնածուներու շարքին ներկայացուած են նաեւ Անիի աւերակները:
Նշելով, որ այդ հարցին մէջ լուրջ աշխատանքներ կատարած են Թուրքիոյ իշխանութիւնները, Տողանայը ըսած է. «Որպէսզի Անիի աւերակները կարենային դառնալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան թեկնածու, իշխանութիւնները կարեւոր աշխատանքներ կատարած են: Եւ եթէ Անին յայտնուի այդ ցուցակին մէջ, անիկա տեղ պիտի գրաւէ նաեւ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ նկարահանուող ծանուցողական ժապաւէններուն մէջ: Ասիկա իր կարգին պիտի նպաստէ Կարսի մէջ զբօսաշրջութեան աճին: Այսօրուան տուեալներով Անի այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 27 առ հարիւրով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.