2011-08-13 10:44:56

Սուրբ Մաքսիմիլիան Գոլպէի Նահատակութեան 70-րդ Տարելիցը


13 - 15 օգոստոս, Լեհաստանի մէջ եռօրեայ արարողութիւններու շարք մը կազմակերպուած է ի պատիւ Սուրբ Մաքսիմիլիան Գոլպէի՝ անոր նահատակութեան 70րդ տարելիցին առթիւ, որ պատահած էր 1941 օգոստոս 14ին Նազիական Աուշվիթցի կեդրոնացման Ճամբարի մէջ։ Ձեռնարկը մաս կը կազմէ Լեհաստանի ծերակոյտի եւ Կրտսեր Եղբայրութեան միաբանութեան Մեծաւորներու կողմէ հռչակուած <<Գոլպեան Տարիի>> ձեռնարկներու շարքին։
Կիրակի 14 օգոստոսին Աուշվիցի Պետական Թանգարանին մէջ նախատեսուած է Սուրբ պատարագ մը Կարտինալ Սթանիզլավ ճիվիչի նախագահութեամբ։
Սուրբ Մաքսիմիլիան Գոլպէի նահատակութեան 70րդ տարեդարձին առթիւ, Իտալիոյ Մարքէ Նահանգի Սան Պենետեթթօ տէլ Թրօնթօ քաղաքի մէջ, կիրակի 14 օգոստոսին տեղի կ`ունենայ Աղօթքի Հսկումի երեկոյ մը Սան Պենետեթթօ տէլ Թրօնթոյի եպիսկոպոս գերապայծառ Ճերվազիօ Ճէսթորէի գլխաւորութեամբ







All the contents on this site are copyrighted ©.