2011-08-13 10:44:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը '' 2011-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան'' Առթիւ։


՜՜Արմատացած Քրիստոսի մէջ եւ Հաստատ հաւատքով ՝՝։
Պայծառակերպութեան տօնին օրը (6 օգոստոս 2010-ին) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը պատգամ մը ուղղած էր երիտասարդներուն ի տես 2011-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան նշումին։ Իր Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշած էր թէ ինչպէս 1989-ին, Պերլինի Պատի փլուզումէն մի քանի ամիս առաջ, երիտասարդները ուխտագնացութիւն կատարած էին Սպանիոյ Սանդիակօ Տէ Գոմբոսդելլա սրբավայրը. իսկ այժմ - գրած էր Քահանայապետը իր պատգամին մէջ - երբ Եւրոպան պէտք ունի վերագտնելու իր քրիտոնէական արմատները` <<Արմատացած Քրիստոսի մէջ ու Հաստատ հաւատքով>> նիւթով ժամադրութիւնը, եղաւ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ։

Ձեռնարկը , Սրբազան Քահանայապետին համաձայն , կարեւոր առիթ մըն է եւրոպական եւ տիեզերական եկեղեցւոյ համար։ Յոյսը այն է որ համայն երիտասարդութիւնը ըլլայ' անոնք որ մեր հետ կը բաժնեկցին Յիսուս Քրիստոսի մէջ ունեցած մեր հաւատքը, ըլլայ' տարակուսողները եւ Քրիտոսի չհաւատացողները, անոնք եւս կարենան ապրիլ այս փորձառութիւնը որ վճռական կրնայ հանդիսանալ իրենց կեանքէն ներս։

Աստուած է կեանքի աղբիւրը, զինք ջնջելը կը նշանակէ այս աղբիւրէն հեռանալ եւ զրկուիլ ուրախութեան լիութենէն։ Արարածը առանց արարաիչին կ՜անհետանայ։ Այսօրուայ մշակոյթը, մանաւանդ մի քանի շրջաններու մէջ, կը ջանայ մերժել զԱստուած եւ նկատել հաւատքը որպէս անհատական երեւոյթ` որ ոեւէ ազդեցութիւն չունի հասարակական կեանքին վրայ։ Մինչ իրականութեան մէջ արժէքները որոնք ընկերութեան հիմն են, կը բխին Աւետարանէն ու զանոնք կորսնցնելով կը կոսուի նաեւ մեր ինքնութիւնը։
Ասոր համար է որ Նորին Սրբութիւը հրաւիրեց երիտասարդները աւելիով խորացնելու իրենց հաւատքը որովհետեւ - ըսաւ ան երիտասարդներուն - դուք էք ընկերութեան եւ եկեղեցւոյ ապագան։

՜՜Արմատացած Քրիստոսի մէջ եւ Հաստատ հաւատքով՝՝ խօսքը պարզ խորագիր մը չէ այլ կեանքի օրակարգ մը։ Առանձնական զրոյց ունեցէք Յիսուսին հետ- հրաւէր ուղղած էր Քահանայապետը երիտասարդներուն - ճանչցէք զինք Աւետարանի ընթերցումի եւ եկեղեցւոյ Քրիտոնէականի միջոցաւ։ Վստահեցէք Իրեն ու Ան ձեզ երբեք յուսախափ պիտի չթողու։








All the contents on this site are copyrighted ©.