2011-08-13 10:44:01

Պենետիկտոոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Շաբաթ 13 օգոստոս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը քահանայապետական ամառնային պալատին մէջ ընդունեց Դաշնակցային Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց դասի նախագահը` գերապայածառ Պրէյսկու, որուն կ'ընկերանան Միւնիխի առաջնորդը` կարտինալ Մարք եւ Օսնաբրուքի եւ Էսենի եպիսկոպոսները։

Սրբազան Քահանայապետին Օրհնութիւնը Մարոնի Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսի Կողմէ Ընտրուած Կարգ Մը Եպիսկոպոսներուն

Նորին Սրբութիւնը իր հաւանութիւնը եւ օրհնութիւնը տուաւ , Եկեղեցւոյ կանոնագիրքի 185 յօդուածին համաձայն, Մարոնի Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնոդոսէն ընտրուած հետեւեալ եպիսկոպոսներու.
- Գերյարգելի Հաննա Ալուանի, որ մինչեւ օրս կը պաշտօնավարէր Հռոմի Վերին Ատեանին մէջ, յաջորդելով, տարիքի բերումով հրաժարած, Ռոլան Ապուժաուտաթ եպիսկոպոսին,
- Գերյարգելի Գամիլ Զայտան` գահերէց քահանայ Անթիլիասի ժողովրդապետութեան մէջ, յաջորդելով, տարիքի բերումով հրաժարած, գերապայծառ Սամիր Մազլումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.