2011-08-13 10:45:51

Ուաշինկթընի Ուսումասիրութեան Կեդրոնի Տեղեկագիրը ՜՜Կրօնական Ազատութեան՝՝ Մասին։


Երկու միլիար ժողովուրդի համար կրօնական ազատութիւն չկայ։ Ամենէն շատ հալածուածները քրիստոնեաներն են։
Աշխարհի բնակչութեան մէկ երրորդը զրկուած է կրօնական ազատութենէ. այսպէս կը հաստատէ Ուաշինկթընի ոսումնասիրութեան կեդրոնի հրատարակած ՜՜Կրօններու՝՝ նուիրուած վերջին տեղեկագիրը։ Ուաշինկթընի ոսումասիրութեան կեդրոնի տեղեկագիրին համաձայն, որ քննարկած է 2006 - 2009 տարեշրջանները, կառավարութիւնները ընդհանրապէս սահմանափակիչ օրէնքներու դիմած են, եւ օրէ օր աճած են հաւատացեալներու դէմ բռնութիւնները մանաւանդ քրիստոնեայ հաւատացեալներու դէմ։ Տեղեկագիրին համաձայն 2 միլիար հոգի զրկուած կը մնան կրօնական ազատութենէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.