2011-08-13 10:47:12

Իսրայէլի Խորհրդարանը Հոկտեմբերին Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Երկու Բանաձեւները:


Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Սպրիլ 24ը Իսրայէլի մէջ իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակելու վերաբերեալ երկու բանաձեւներու քննարկումները կ՛ակնկալուին Հոկտեմբերին, կը յայտնէ Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւանը, աւելցնելով, որ քննարկումները կ՛երկարաձգուին, որովհետեւ Իսրայէլի խորհրդարանը Օգոստոս 3էն մինչեւ Հոկտեմբերի սկիզբ արձակուրդի մէջ պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ Յունիսին տեղի ունեցած քննարկումներուն արդիւնքով որոշուած էր Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր սահմանելու մասին բանաձեւը քննել խորհրդարանի Կրթութեան յանձնաժողովին մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ նոյն յանձնաժողովը քննէ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:
Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, այս տարուան Մայիսին, խորհրդարանի կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողովին ներկայացուած էր ձախակողմեան «Մերեց» կուսակցութեան կողմէ, իսկ բանաձեւին կ՛աջակցի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գլխաւորած «Լիքուտ» կուսակցութիւնը:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը քննարկելու պահանջքը խորհրդարանական յանձնաժողովին մէջ հաւանութեան արժանացած էր ձայներու մեծամասնութեամբ: Մինչ կրթութեան յանձնաժողով ուղարկելը, խորհրդարանի նիստին բոլոր մասնակիցները, անոնց շարքին նաեւ՝ խորհրդարանի նախագահը, պաշտպանած էին քննարկումները շարունակելու որոշումը՝ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պէտք չէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու պատճառ դառնան:








All the contents on this site are copyrighted ©.