2011-08-12 13:01:28

Սպանիա- Կաթողիկէ Համալսարաններու Համաժողով 12-14 Օգոստոս։


12 - 14 օգոստոս Սպանիոյ Ավիլայ քաղաքի մէջ տեղի կ`ունենայ Կաթողիկէ Համալսարաններու համաժողովը, որուն կեդրոնական նպատակն է քննարկել Կաթողիկէ Համալսարաններու իքնութիւնն ու առաքելութիւնը։
Համաժողովին կը մասնակցին համալսարանական դասատուներ, աշակերտներ ու հետազօտողներ։ Օրակարգը կը նախատեսէ 4 կարեւոր ելոյթներ. առաջինը` Քահանայապետական նոր աւետարանութեան խորհուրդի նախագահ Րինօ ֆիզիքելլա արքեպիսկոպոսի ելոյթն է, որ կ`անդրադառնայ << Համալսարանը եւ հաւատքի վերակենդանացումը քրիստոնեայ աւանդութիւն ունեցող երկիրներիուն մէջ>> նիւթին մասին։ ապա Փրօֆ Ալէխանտրօ ԼԼանօ Չիֆուէնդէս ( Նավարրա Համալսարանէն) կը խօսի <<վերատեսնել Համալսարանը>> նիւթին մասին։ Իսկ Լատերանեան համալսարանի դասատու Վինչէնցօ Պունոմօն անդրադարձ կը կատարէ <<կաթողիկէ համալսարանական դաստիարակութեան օժանդակութիւնը Մարդկային իրաւանց մշակոյթի ի սպաս>> նիւթին մասին ու ի վերջոյ Իտալիոյ Բոլոնիայի համալսարանէն Փրօֆ Սդէֆանօ Ծամանյին պիտի անդրադառնայ դաստիարակութեան եւ կառավարութեան միջեւ կապերուն, ու ասոր առընչութեամբ Կաթողիկէ համալսարանի խաղցած դերին։
Համաժողովին գրանցուած են 40 երկիրներէ զանազան համալսարաններ ներկայացնող 500 մասնակիցներ։Նշենք որ համաժողովի մասնակցող պատուիրակութիւն մը, յառաջիկայ 19 օգոստոսին, հանդիպում պիտի ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ, իր երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ Մատրիտ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.