2011-08-12 13:02:14

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011 ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուի յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք ֆրանսական Յայտագրի մասին։

Ռատիօ Վատիկանի Ֆրանսական յայտագրի պատմութիւնը սկիզբ առած է 1931ին շաբաթական յայտագիրով մը որ ամէն կիրակի օր կը սփռուէր։ 1939-էն սկսեալ եւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի սկիզբը, Վատիկանի Ձայնասփիւռի ֆրասնական մասնաճիւղը կը սկսի իր ամէնօրեայ յայտագիրներու սփռումները։ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին Ռատիովատիկանը հաղորդամիջոցային կարեւոր դեր մը ունեցաւ ու ֆրանսական ընդիմութեան անդամները ուշադրութեամբ կը հետեւէին հաղորդաշարին մինչ Նացիական Իշխանութեան անդամ Ժոզէֆ Փօլ Կէոպպէլզը երդում ըրած էր Վատիկանի ձայնասփիւռը լռութեան մատնելու։
1940-ին՝ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԶ.ի հրահանգով սկիզբ առաւ լրատուական սպասարկութեան յատագիր մը, որ կապի մէջ կը դնէր բանտարկեալ գերի առնուած կամ պահուըտած զինուրներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները։

Տարիները կ՛անցնին եւ ֆրանսական յայտագիրը յեղաշրջումի ալիքին կը հետեւի։ Կը հասնի Վատիկանեան Տիեզերական Երկրորդ Համաժողովը ու սկիզբ կ՛առնէ եկեղեցւոյ ու ընկերութեան միջեւ երկխօսութիւնը։ ֆրանսերէն լեզուով երկրորդ յայտագիր մը եւս լոյս կը տեսնէ 1965-ին, որ յատուկէն կը զբաղի ափրիկեան ցամաքամասի լուրերով մինչ 1970-ին, սկիզբ կ՛առնեն միջազգային վատիկանեան եւ հոգեւոր ամէնօրեայ Լուրերու յայտագիրը։

Րատիովատիկանի կէտնպատակն է <<հաղորդել Սրբազան Քահանայապետին ու Սուրբ Աթոռի պաշտօնական գործունէութիւնները ի սփիւռս աշխարհի>> ու անդրադառնալ միջազգային իրադարձութիւններուն ու յատկապէս մորցուած ու դժուար կացութեամբ իրողութիւններուն։

Ռատիօ Վատիկանի Ֆրանսական յայտագիրը, այսօր ունի օրական 15 վարկեան տեւողութեամբ Լուրերու հաղորդաժամ մը ու 20 վայրկեաննոց օրական խորաքննիչ հաղորդում մը։ Ասոնց վրայ աւելցնել նաեւ համացանցային ֆրանսերէն լեզուով կայքէջ մը։

Սոյն յայտագիրները կը վերասփռուին մօտ 120 ֆրանսական Ռատիոներու միջոցաւ ինչպէս նաեւ Պելճիքայի, Լիբանանի, Գանատայի, Բոլինզիայի եւ Ափրիկեան ցամաքամասի շատ մը երկիրներու Ռատիոներու միջոցաւ որոնց ունկնդիրները մօտէն կը ծանօթանան Սուրբ Աթոռի առաջնահերթ նկատուած նիւթերու մասին ինչպէս Կրօնական ազատւթիւն, Մարդկային Իրաւունքներու Յարգանք, Մարդու արժանապատուութիւն, հասարակական հաւասարութիւն, Բնապահպանութիւն եւայլն. Հաղորդումներու ընթացքին կը շօշափուին Եկեղեցւոյ Պատմական իրադարձութիւններ, Քահանայապետի գործունէութիւնը ու առաքելական ճամբորդութիւնները, Սինոդոսները, եւ Եկեղեցական կառոյցներու կազմակերպած զանազան հանդիպումները։

Իր պատմութեամբ հարուստ՝ ֆրանսական բաժինը, պատրաստ է այսօրուայ մարտահրաւէրները ներգրաւելու։ Լրատուական միջոցներու բազմազանութեամբ` նորանոր թէխնիգական միջոցներու ներմուծումով՝ ի՞նչ տեղ կը գրաւէ Ռատիովատիկանը, Ի՞նչ է անոր յատկանշականը։ Նոր կարելիութիւններ գտնել համցանցային աշխարհի մէջ։ Համագործակցիլ ուրիշ լրատուամիցային կառոյցներու հետ։
Ֆրանսական բաժինը, Ռատիովատիկանի նման 80 տարեկան է, սակայն տակաւին շատ ճամբայ ունի կտրելիք։








All the contents on this site are copyrighted ©.