2011-08-12 12:59:40

Պենետիկտոս ԺԶ . Սրբազան Քահանայապետը Նոր Օժանդակութիւններ Կը Յատկացնէ Ափրիկեան Ծոցի՝ Երաշտի Ու Սովի Զոհերուն


Ափրիկեան Ցամաքամասի մէջ, օրէ օր կացութիւնը կը վատթարանայ ու հարկ է զօրակցութեան ճիգերը կրկնապատկել մանաւանդ հարաւային Սուտանի մէջ ուր դժուարութիւն կայ օժանդակութիւն հասցնելու տառապող բնակչութեան, յայտարարած է գերապայծառ Վիթթորիօ Նոցցա՝ տնօրէնը Իտալական Գարիթասին։
Վերջին 60 տարիներու ընթացքին պատահած՝ ամենէն ահռելի սովը կը շարունակէ հարուածել Սոմալիոյ, Քէնեայի, Ճիպութիի, Եւթոպիոյ, Էրիթրէայի ինչպէս նաեւ Ուկանտայի, Թանզանիայի եւ հարաւային Սուտանի բնակչութիւնը։

Վատիկանի Բարեսիրական ''ՄԷկ Սիրտ'' Կոչուած Մարմինը, որ արդէն 75 հազար տոլար սահմանած էր Սոմալիոյ, որպէս առաջին օգնութիւն եւ զօրակցութեան նշան երաշտի եւ սովի զոհերուն, անցեալ 11 օգոստոսին նոր օժանդակութիւններ եւս ուղարկած է Ափրիկէի զանազան թեմերուն, արտայայտելու՝ Սրբազան Քահանայապետին մտահոգութիւնը ու անոր մօտիկութիւնը տառապող բնակչութեան։

Cor Unum - ''ՄԷկ Սիրտ'' Կոչուած Քահանայապետական Բարեսիրական Մարմնի քարտուղար՝ Գերապայծառ ճամբիէթրօ Թոզոյի յայտարարութեամբ, Ափրիկեան Ծոցի դժուար կացութիւնը տակաւին չէ հասած իր աւարտին ու սովի ու երաշխի ողբերգրական իրողութենէ զատ կայ նաեւ Սոմալիայի քաղաքացիական պատերազմը կը մատնէ շատ մը անհատներ որ գաղթելու ։ Եւթոպիոյ մէջ 4.5 միլիոն բնակչութիւնը օգնութեան կարիքը ունի եւ 4 միլիոն ուրիշներ Գենիայի մէջ բացի Սոմալիայի եւ Ճիպութիի բանկչութեան։
Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 17 յուլիսին, առաջինը եղաւ որ կացութեան տխուր ու ծանր վիճակի մասին խօսեցաւ կոչ ուղղելով հանրութեան առանձին չթողելու Ափրիկեան Ծոցի բնակչութիւնը ու անցեալ 11 օգոստոսին Cor Unum-ի միջոցաւ Գենիայի 5 թեմերու ու Եւթոպիայի 6 թեմերու ֆինանսական օժանդակութիւն ուղարկած դիմագրաւելու նպատակով ժողովրդեան ապրած ողբերգրական վիճակը ըսած է Գերապայծառ ճամբիէթրօ Թոզօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.