2011-08-12 13:00:23

Մատրիտը Պատրաստ է Երիտասարդներու Արշաւին


Մի քանի օրէն սկիզբ կ`առնէ Մատրիտի 2011-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ տօնախմբութիւնները, որ տեղի կ`ունենան 16- 21 օգոստոս եւ ուր կը սպասուի աւելի քան 1.5 միլիոն երիտասարդներու խուռներամ ներկայութիւնը ։

Ճմճ ի Երիտասարդներու համար պատրաստւուած ուսապարկերու մէջ զզետեղուած են, Աւետարան մը, ուխտաւորի գրքոյկը, պաշօնական ուղեցոյցը, ՃՄՃ օրակարգը, Եուքաթ - երիտասարդներուն բացատրուած եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը, մատրիտի գարտեսը, գլխարկ ու վարդարան մը։

Կարեւոր Թիւեր։ Աւելի քան 30 հազար կամաւորներ, 7 Թոն վարդարան, Իջեւաններու 100 տոկոսը լեցուն։ 4.500 գրանցուած լրագրողներ աշխարհի չորս ծագերէն ։ ՃՄՃ ձեռնարկի ծախսերու ծաւալը կը հասնի 50 միլիոն եւրոյի որոնք ամբողջութեամբ նուիրատուներու երաշխաւորութեամբ ազատ օժանդակութիւններու, իսկ երկու երրորդը արձանագրութեան եկամուտով կը ծածկուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.