2011-08-12 13:03:13

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայազգի Մեներգիչ՝ Սերժ Թանքեան:
Ամերիկահայ և երգահան Սերժ Թանքեան, ծնած է -ի -ին, Պյրութի մէջ- ։ Ան հիմնադիրն է աշխարհահռչակ -ի՝ յատուկ խումբի և ՜՜ ։
Ան ճանչցուած է , որպէս աշխարհի 26-րդ լաւագոյն (մեթալ ) զօրաւոր կշռոյթով երգիչ։ Որպէս մենակատար, -ի (SOAD-ի) գործունէութեան ընդմիջումի ժամանակ ձայնագրած է «Elect The Dead» և «Imperfect Harmonies» ալպոմը։ 2010-ի նոյեմբերին յայտարարեց վերամիաւորման մասին: 2011-ին խումբը սկիզբ տուաւ իր շրջագայութեան ԱՄՆ-ի ու Եւրոպայի մէջ ելոյթներով: 2011-ին նաև կը պատրաստէ բեմադրել մասին միուզիքըլը: Ան մասնագէտ է բազմաթիւ նուագի գործիքներու ու նաեւ բանաստեղծ է։
Սերժ Թանքեան Լոս Անճըլըսի մէջ յաճախած է հայկական Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոսի վարժարանը, յետագային ուսումը շարունակած բնագաւառի մէջ: 90-ական թուականներու սկզբը կը հանդիպի Տարոն Մալակեանին ու անոր հետ կ՝որոշեն նոր ռոք խումբ մը ստեղծել:Սերժը ունի իր սեփական ձայնագրման սթիւտիոն, որը կը կոչուի Serjical Strike: Թանգեան հանդէս կու գայ անարդարութիւնն ու դաժանութիւնը դատապարտող բազմաթիւ ելոյթներով: Ան համագործակցելով Տոմ Մորելլոյի հետ` կը ստեղծէ Axis Of Justice կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է աջակցիլ երիտասարդներուն պաշտպանելու իրենց իրաւունքները քաղաքականութեան ոլորտին մէջ: անոնք կազմակերպած են բազմաթիւ բարեգործական արշաւներ: Նաեւ անոնք մեծ ջանք թափած են որպէսզի ստիպեն Միացեալ Նահանգները և Թուրքիան ճանչնալու և ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Երեւանի մէջ, Օգոստոս 14-ին՝ Թումօ կեդրոնի բացման պաշտօնական արարողութեան պիտի յաջորդէ աշխարհահռչակ System of a Down խումբի մեներգիչ, ամերիկահայ Սերժ Թանքեանի համերգը։ Սերժ Թանքեան հանդէս պիտի գայ Թումօ կեդրոնին մօտ՝ բացօթեայ անվճար համերգով մը, մինչեւ 20.000 հանդիսատեսի համար։ Այսպէս յայտնած է լրագրողներուն՝ Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնի պատասխանատուն, բացման միջոցառումներու առիթով իր ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Սերժ Թանքեան պիտի ներկայացնէ գործեր Elect The Dead Symphony ալպոմէն, եւ իր հետ բեմին վրայ պիտի նուագեն Հայաստանի 40 դասական ոճի երաժիշտներ։ Համերգի ղեկավարը Աւստրալիայէն յատկապէս հրաւիրուած Համիշ ՄքՔիշն է։
«Համերգի մուտքը ազատ պիտի ըլլայ բոլորի համար»,- ըսաւ Դիիմ Քոմյունիքեյշնզ ընկերութեան տնօրէն Րաֆֆի Նիզիբլեանը։ Իր խօսքերուն համաձայն, իրենք շուրջ մէկ տարի է, որ կ՝ աշխատին Սերժ Թանքեանի համերգի նախագիծին վրայ։
«Ֆիւճիթիվ Սթուտիոս» ընկերութեան ներկայացուցիչը՝ Արմէն Կուպելեան ըսաւ, որ ԱՄՆ-ի մէջ լսելով Թումօ կեդրոնի մասին, գաղափար յառաջացաւ համագործակցելու ուղղութեամբ եւ այսպէս՝ ստեղծուեցաւ այս նախագիծը: «Չնայած այս պահին Սերժ Թանքեանը շրջագայութիւնների մէջ է System of a Down խումբին հետ, նա այնուամենայնիւ ժամանակ է գտել Հայաստանում համերգով հանդէս գալու համար»,-ըսած է ան:
Արմէն Կուպելեան յայտնած է նաեւ թէ Թանքեանի համերգը ուղիղ հեռարձակում պիտի ունենայ (Live streaming)։ Աւելցնենք որ հայազգի մեներգիչը՝ Սերժ Թանքեան արդէն մենահամերգով հանդէս եկած էր Երեւանի մէջ 2010-ի ամառը, իսկ System of a Down խումբը, միաւորուելով այս տարուան ընթացքին արդէն սկսած է կատարել Եւրոպական իր շրջագայութիւնը:










All the contents on this site are copyrighted ©.