Անթիլիասի Մէջ Կրթական Համագումար՝ Արեւմտահայերէնի Մասին։
Յառաջիկայ Օգոստոս 18–20 2011-ին Պիքֆայայի Դպրեվանքէն ներս Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ
տեղի պիտի ունենայ համասփիւռքեան համագումար մը՝ նուիրուած Արեւմտահայերէնին: Համագումարին
սկիզբը Վեհափառը իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ համագումարի բոլոր
նիստերուն ու մօտէն հետեւի համագումարի աշխատանքներուն: Համագումարին պիտի մասնակցին
շուրջ 50 մտաւորականներ, գրողներ, ուսուցիչներ ու խմբագիրներ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն:
Համագումարին ծախսերը կը հոգայ ՙԿիւլպէնկեան՚ Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը: Վեհափառին
գլխաւորութեամբ կազմակերպիչ յանձնախումբը անցնող տարուան ընթացքին լծուած էր իր աշխատանքներուն:
Անդրադառնալով համագումարի կարեւորութեան, Արամ Ա. շեշտեց, թէ ան ՙսովորական համագումար
մը պէտք չէ դառնայ, մի քանի օրերու վրայ տարածուած սոսկ քննարկումներով, մտահոգութիւններու
արտայայտութեամբ, տեսակէտներու փոխանակումով սահմանափակուած: Անհրաժեշտ է քննարկումներէն
անդին երթալ եւ յստակ որոշումներ առնել ու գործընթացներ ճշդել: Հո՜ս կը կայանայ համագումարի
մը իմաստը ու արժէքը՚: Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙԱրեւմտահայերէնը
նահանջի մէջ է բառին ամբողջական իմաստով: Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ այս տխուր իրականութեան
դիմաց: Հաւաքական ճիգով ու ծրագրուած աշխատանքով պէտք է վերականգումի ընթացք մը ճշդենք:
Ա՜յս է նպատակը յիշեալ համագումարին՚: Յայտնենք որ համագումարի ընթացքին արեւմտահայերէնին
առնչուած շարք մը խնդիրներ պիտի քննուին զանազան տեսանկիւններէ դիտուած, նկատի առնելով
Սփիւռքի գաղութներուն տարբեր դրուածքները ու դիմագրաւած իւրայատուկ պայմանները ու դժուարութիւնները: