2011-08-10 13:07:00

Սերժ Թանգեան՝ Արդէն Երեւանի Մէջ


Աշխարհահռչակ ամերիկահայ ռոք-երգիչ Սերժ Թանգեան արդէն Երեւան կըգտնուի: Ան Օգոստոս 14ին հանդէս պիտի գայ համերգային ծրագիրով մը, որով պիտի ազդարարէ Երեւանի մէջ «Թումօ» ստեղծարար ճարտարագէտներու կեդրոնին բացումը:
Ըստ «Տիիմ Քոմիւնիքէյշընզ» ընկերութեան հանրային կապերու եւ յատուկ ձեռնարկներու բաժինի ղեկավար Մարիամ Մովսիսեանի, Օգոստոս 11-14 ժամանակամիջոցը Սերժ Թանգեան ամբողջութեամբ պիտի նուիրէ փորձերու: Մ. Մովսիսեան նաեւ տեղեկացուց, որ կը ծրագրուի մէկ այլ հանդիպում մը՝ այլ ձեւաչափով. երգիչը պիտի ունենայ իր քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն նուիրուած մէկ հանդիպում:
Նշենք, որ համերգը տեղի պիտի ունենայ «Թումօ» կեդրոնի շրջափակին մէջ, որ հնարաւորութիւն ունի 20 հազար հանդիսատես ընդունելու: Մուտքը ազատ պիտի ըլլայ. կազմակերպիչները յատկապէս կ՛ողջունեն երիտասարդ հանդիսատեսներուն մասնակցութիւնը: Ս. Թանգեան համերգին ընթացքին պիտի կատարէ իր վերջին ալպոմէն գործեր: Համերգի խմբավարը պիտի ըլլայ Աւստրալիայէն հրաւիրուած Համիշ ՄըքՔիշը: Համերգի մեկնարկը պիտի ազդարարէ հայկական «Տորիանս» ռոք-խումբը:








All the contents on this site are copyrighted ©.