2011-08-10 13:04:27

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Շնորհակալութեան Խօսքը Իր Քահանայութեան 60-ամեակի Առթիւ Նուիրուած Համերգին Աւարտին։


Երեքշաբթի 9 օգոստոս 2011-ի՝ երեկոյեան ժամը 17.30-ին, Զուիցերացիներու անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը նուիրուած՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ու անոր եղբօր գերապայծառ Կէորկ Րացցինկէրին, իրենց քահանայութեան 60 ամեակին առթիւ։
Համերգի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց կազմակերպիչներուն ու մասնաւորապէս ղեկավարին՝ Մայէսթրօ Ալպրէխդ Մայերի ՝ գերմանացի ջութակահարուհի Արապէլլա Սթէյնպախէրի եւ Ensemble New Seasons-ի նուագախումբի։
Այս հրաշալի երաժշտութեան, որ տակաւին մեր ականջներուն մէջ կը հնչէ, ոչ մի բան կարելի է աւելցնել, ըսաւ Սրբազան Հայրը, սակայն թոյլ տուէք որ սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք այս ձեռնարկը կազմակերպեցին։ Ապա Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Անթոնիօ Վիվալտիի եւ Ճոհան Սեպասդեան Պախի գործերէն կատարուած հատուածներուն ու աւարտեց խօսքը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.