2011-08-10 13:03:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 10 օգոստոս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ։
Խօսքը ուղղելով զանազան երկիրներէն եկած ուխտաւորներուն, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Գլարիս Իգական Միաբանութեան հիմնադիր եւ հեռուստատեսիլի պաշտպան սրբուհին Ասիզիի սրբուհի Պայծառին որուն տօնը կը յիշատակուի վաղը ըստ լատինաց տօնացոյցին։ Մեր խռոված աշխարհի մէջ, վանական հասարակութիւնները, հոգեւորութեան իսկական օվասիսներ են, մեզի կը յիշեցնեն լռութեան կարեւորութիւնը իրականացնելու հոգեւոր ներդաշնակութիւն մը սեւերելով մեր աչքերը դէպի Աստուած։ Այս հանգստեան օրերու ընթացքին, մենք ալ գիտնանք լռութեան եւ աղօթքի պահեր գտնել, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու եզրափակեց իր խօսքը ըսելով <<Աստուած ձեզ բոլորդ օրհնէ>>։
Սրբազան Քահանայապետը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոց գտնուող ուխտաւորները ու հրաւիրեց զանոնք միասնաբար երգելու ՜՜Հայր Մեր՝՝ Տէրունական աղօթքը Լատիներէնով ու ապա ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.