2011-08-10 13:05:52

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Կոնդակը Ուղղուած Գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեանին,


Հայաստանի Եւ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդ Նշանակման Առթիւ։
Սիրեցեալ Որդի՝ ՌաՖայէլ Մինասեանին,
Գերյարգելի անդամ Զմմառու Պատիարքական Միաբանութեան,
Ցայսօր Պատրիարքական Էքզարք Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Երուսաղէմի եւ Ամմանի,
Այժմ նշանակուած Առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց,
Որպէս Կեսարիայի տիտղոսակիր եւ Արքեպիսկոպոսի աստիճանով,
Ողջոյն եւ առաքելական օրհնութիւն։
Չենք դադրիր մտածելէ հայ ժողովուրդի մասին, որովհետեւ գիտենք որ դարերու ընթացքին տուած է հաւատքի յստակ վկայութիւն մը։ Ներկայիս մասնաւորապէս կը մտածենք Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու Առաջնորդութեան մասին, եւ կ՚ուզենք որ ստանայ հոգեւոր ամէն օգնութիւն եւ գերաշնորհ եղբայր Նշան Գարաքէհէեանի՝ այս համայնքին իր վարած պաշտօնէն հրաժարումէ ետք ունենայ հոգատարութեամբ զեղուն Հովիւ մը։ Այս պատճառով, սիրելի Որդեակ, կը դիմենք քեզի, գիտնալով որ դուն օժտուած ես ամուր վարդապետութեամբ եւ պատշաճ առաքինութիւններով։
Յետ խորհրդակցութեան եւ մեր պետական քարտուղարի յանձնարարութեամբ, եւ մեր առաքելական իշխանութեամբ, Քեզ կը նշանակենք Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց Առաջնորդ, քեզի տալով հայոց Կեսարիոյ տիտղոսը եւ քեզի կը շնորհենք արքեպիսկոպոսի աստիճանը՝ քեզի տրուած կարգավիճակի բոլոր իրաւունքներով ու պարտականութիւններով, համաձայն Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնադրութեան։
Իսկ ինչ կը վերաբերի քու ձեռնադրութեանդ, հաւատոյ դաւանանքին եւ հնազանդութեան ուխտին՝ մեզ եւ մեր յաջորդներուն, պիտի հետեւիս վերոյիշեալ կանոնադրութեան կանոններուն եւ միւս պարտաւորութիւններուն, որոնք պէտք է կատարուին հաւատարմութեամբ։
Բացի այս, կը հրահանգենք այս Կոնդակը ներկայացնել կղերական դասին եւ հաւատացեալներուն, որոնց կը յորդորենք քեզ դիմաւորել սիրով՝ որպէս Վարդապետ եւ Հովիւ, որպէսզի իսկոյն հնազանդին քու հրահանգներուդ։
Եւ վերջապէս, սիրեցեալ Որդի, դուն որ այս յաւերժական քաղաքին մէջ ստացած ես հաստատուն վարդապետութեան կրթութիւն եւ սրբասնեալ վարք, կը խնդրենք քեզմէ սիրով ընդունիլ այս հաւատացեալները եւ անոնց առաջնորդել ճշգրիտ ուսուցումով, ցոյց տալով նոյնինքն Տիրոջ ազդարարութիւններն ու յաւիտենական բարեսրտութիւնը։
Տրուած Հռոմ, սուրբ Պետրոս, Յամի Տեառն 2011, յուլիսի 2-ին, մեր առաքելութեան եօթամեակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.