Գասթել Կանտոլֆոյի Ամարանոցին մէջ Համերգ ի Պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։
Երեքշաբթի 9 օգոստոս 2011-ի՝ երեկոյեան ժամը 17.30-ին, Զուիցերացիներու անուան սրահին
մէջ տեղի կ̓ունենայ համերգ մը նուիրուած՝ Սրբազան Քահանայապետին ու անոր եղբօր գերապայծառ
Կէորկ Րացցինկէրի։ Համերգը կը ղեկավարէ Մայէսթրօ Ալպրէխդ Մայեր մասնակցութեամբ՝ Ensemble
New Seasons-ի եւ ընկերակցութեամբ՝ գերմանացի ջութակահարուհի Արապէլլա Սթէյնպախէրի։