2011-08-09 14:25:23

2011-ը Հայ Մանուկի Տարի. Հռչակուած՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կողմէ։


Մանուկ Աստղ Երգիչներու Ընտրութիւն Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէնութեան Կողմէ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2011 թուականը ՙՀայ մանուկի տարի՚ հռչակուելուն առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն կարգին, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր ընթացք առած են այս տարուան մանուկ աստղ երգիչի ընտրութեան աշխատանքները, որոնք իրենց լրումին հասան շաբաթ, 6 Օգոստոսին ՙՅակոբ Տէր Մելքոնեան՚ թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ: Արդարեւ, տարբեր լրատուամիջոցներու ճամբով մանուկներուն ուղղուած հրաւէրներուն` մասնակից դառնալու աստղ երգիչի մրցումին, ընդառաջած է շուրջ 50 մանուկ, որոնց ներկայացուցած երգերը ունկնդրելով եւ յատուկ քննութեամբ կարելի եղած է ընտրել միայն 12 մանուկներ, որոնք եւս իրենց կարգին զտուելով հասած են 6-ի: Շաբաթ օր տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին այդ վեց մանուկները` Գոհար Գարակէօզեան, Արփի Արթինեան, Ռաքել Թեքերեան, Լարա Աւետիսեան, Կարօ Գալենտերեան եւ Ասատուր Պասմաճեան սրահը լեցուցած հանդիսականներուն ներկայացուցին հայրենիքին, մօր, Երեւանի նուիրուած երգեր: Անոնց մօտ շատ բացայայտ էր տաղանդի առկայութիւնը, բայց եւ այնպէս այս մրցումի ամբողջ ընթացքին հետեւած դատական կազմն ու ներկաները ստիպուած էին ընտրել անոնցմէ մէկը` իբրեւ աստղ երգիչ:
Այս առիթով Դատական կազմին անդամներէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան իր արտասանած խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը կու գայ փաստելու, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբող կեդրոն է, այլ նաեւ կը փոխանցէ հայեցի դաստիարակութիւն, յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ ազգային ու մշակութային մարզերուն, նաեւ այս իմաստով մանուկներու կրթութեան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մրցումին մասնակցած մանուկներու ծնողներուն, որոնք իրենց կարգին օժանդակած էին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան, քաջալերած ու նեցուկ կանգնած էին իրենց զաւակներուն, որպէսզի անոնց տաղանդները բացայայտուին: Հայր սուրբը շեշտեց, որ այս նախաձեռնութիւնը աննախընթաց է եւ անիկա յաջողած է շնորհիւ աշխատողներուն միջեւ եղած գործակցութեան ոգիին:
Աւարտին յայտարարուեցաւ մրցումին արդիւնքը, սակայն մէկի փոխարէն ընտրուեցան երեք աստղեր` Կարօ Գալենտերեան, Ռաքել Թեքերեան եւ Արփի Արթինեան: Անոնց նուէրն էր յառաջիկայ դպրոցական տարեշրջանի լրիւ կրթաթոշակ, ինչպէս նաեւ անոնք մէկ տարուան համար պիտի վայելեն Շողիկ Թորոսեանի երաժշտական հոգատարութիւնը` երաժշտական գիտելիքներ ձեռք ձգելով, ինչպէս նաեւ հետեւելով ձայնամարզութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.