2011-08-08 13:06:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կոչ Կ'ուղղէ Դադրեցնելու՝ Բռնութիւնները Սուրիոյ Եւ Լիպիայի Մէջ։


Կիրակի 7 օգոստոս 2011, Գասդել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, կոչ ուղղեց որուն մէջ խնդրեց որ Սուրիոյ եւ Լիպիայի մէջ բռնութիւնները ընդհատուին։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց Սուրիացի իշխանութիւնները, ՜համապատասխանելու ժողովուրդին ձգտումներուն՝՝ ինչպէս նաեւ հրաւիրեց միջազգային հասարակութիւնը Լիպիոյ մէջ մշակելու՝ ՜՜խաղաղութեան ծրագիր մը՝՝։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը աւելցուց ՜՜մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Սուրիոյ մէջ պատահած բռնարարքներուն որոնք բազմաթիւ զոհեր կը պատճարեն, ու կը հրաւիրեմ Կաթողիկէ հաւատացեալները աղօթելու՝ որպէսզի հաշտութեան ի սպաս ջանքերը յաղթահարեն բաժանումներն ու ատելութիւնը՝՝։

Այս կոչը ուղղելէն անմիջապէս ետք Պենետիկտոս ԺԶ զանազան լեզուներով ողջունեց բազմաթիւ հաւատացեալները ու յատուկ խօսք մը ուղղեց (ֆրանսերէն լեզուով) այնտեղ ներկայ հարիւրաւոր իրաքցի երիտասարդներուն, նշելով որ շատ անգամ դժուար է անդրադառնալ Աստուծոյ ներկայութեան, երբ ալեկոծ ծովու մէջ յուսահատութեան կը մատնուինք։ Այս վայրկեաններուն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Սուրբ Պետրոսի նման աղաղակենք առ Աստուած ՜՜Տէր փրկէ մեզ՝՝ որով Աստուած միշտ ներկայ է ու մեզ միակ չի թողուր։Արդ՝ աղօթենք ամէն օր, որովհետեւ աղօթքը մեզի ցոյց կու տայ Ատուծոյ լուսաւոր դէմքը, այնպէս ինչպէս պատահած էր Այլակերպութեան Օրը եւ մենք այդ լուսաւորութեան ընդմէջէն լուսաւորութեան ողորմութեան նայուածքով կը նայինք մեր եղբայրակիցներուն։ Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Իտալերէնով ողջունելէ ետք իտալացի հաւատացեալները ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.