2011-08-08 13:07:03

Ճափոնի Հիւլէական Ռումբի Պայթումին 66-րդ Տարեդարձը։


Երեքշաբթի 9 օգոստոս 2011ին, Ճափոնի Նակազագի Թեմը կը յիշատակէ Ճափոնի Հիւլէական Ռումբի Պայթումի 66-րդ տարեդարձը։ Պայթումը տեղի ունեցած էր 1945-ի՝ օգոստոս 9ին տեղական ժամով 12-ին պատճառելով անհաշուելի վնասներ որոնց հտեւանքները այսօր եւս զգալի են։
Այս առթիւ երեքշաբթի օրը, առաւօտեան ժամը 6ին եւ ժամը 11ին նախատեսուած են Պատարագի արարողութիւն ու հոգեհանգստեան պաշտօն որմէ ետք Զոհերու համար կառուցուած կոթողին առջեւ տեղի կ։ունենայ միջեկեղեցական ձեռնարկ մը ու ապա քաղաքական ոգեկոչում. իսկ երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ ջահաարշաւ մը <<Աւելի մեծ ուժով եւ անհուն սիրով աղօթենք խաղաղութեան համար<< խորագրով որուն աւարտին Թեմի առաջնորդը` գերապայծառ Ժոզէֆ Միթսուաքի Թաքամի պիտի նախագահէ եզրափակիչ Սուրբ պատարագին։








All the contents on this site are copyrighted ©.