2011-08-08 13:06:37

Գերապայծառ Բիէթրօ Սամպիի Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ Երուսաղէմի Մէջ։


Կիրակի 7 օգոստոսին Երուսաղէմի Յիսուսի Ս. Անուան նուիրուած Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ նուիրուած՝ ԱՄՆ.ի՝ (Ուաշինկթընի) մօտ առաքելական դեսպան Գերապայծառ Բիէթրօ Սամպիի որ իր մահկանցուն կնքած էր անցեալ 27 յուլիսին։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը գլխաւորեց Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը՝ ֆուատ Թուալ, որ իր արտասանած քարոզին մէջ վեր առաւ ննջեցեալին եկեղեցական եւ դիւանագիտական արժանիքները, մասնաւորապէս նշելով Գերապայծառ Սամպիի Ս. Երկրի հետ կապը, երբ 1998էն մինչեւ 2005-ը , պաշտօնավարած էր որպէս առաքելական դեսպան , մանաւանդ՝ խօսեցաւ 2002ի պատահած այն դէպքին մասին, որուն ընթացքին գերապայծառ Սամպիի միջամտութեամբ՝ Բեթղեհէմի Ծննդեան տաճարը որ Իսրայէլի զօրքէն շրջափակուած էր, ձեռբազատուեցաւ։ Նշենք թէ Ծննդեան տաճարի համալիրին մէջ ապաստան գտած էին 40 կրօնաւորներ, հինգ իտալացի լրագրողներ եւ հայ մը, ինչպէս նաեւ 240 պաղիստինցի զինեալներ։ Սամպի գերապայծառը իսկական եւ հաւատալի Հովիւ մըն էր` հաստատեց Թուալ Պատրիարքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.