2011-08-05 12:17:32

Քարլա Կարապետեանի Եւ Յակոբ Կուտսուզեանի Շարժապատկերները Պիտի Ցուցադրուին Ֆրեզնոյի Հեռուստակայանով


ՖՐԵԶՆՕ.- Օգոստոս 9ին եւ 12ին, Ֆրեզնոյի հեռատեսիլի ընկերութիւններէն մէկով պիտի ցուցադրուին հայ բեմադրիչներու շարժապատկերներ: Ըստ «Մասիս» շաբաթաթերթին, առաջին օրը պիտի ցուցադրուին գանատահայ բեմադրիչ Յակոբ Կուտսուզեանի «Հայ Տարագիրը» եւ «Հայ Աշուղներ» ֆիլմերը, իսկ երկրորդ օրը՝ Քարլա Կարապետեանի «Screamers» շարժապատկերը։
Քարլա Կարապետեանի «Screamers» շարժապատկերը կը պատմէ «System Of A Down» խումբին մասին, որ արուեստի միջոցով կը փորձէ ճանաչելի դարձնել ՄԵԾ ԵՂԵՌՆը:
ԱՄՆի «Business Wire» լրատուական ծառայութեան մեկնաբանները Քարլա Կարապետեանի շարժապատկերը այսպէս մեկնաբանած են. «Ք. Կարապետեանի շարժապատկերը կը բացայայտէ ցեղասպանութիւններու կրկնութեան պատճառները, շարժառիթները… կը ներկայացուի մարդկային ողբերգութեան վաւերագրութիւնը՝ Հայոց Մեծ Եղեռնը, հրէական Ողջակիզում, Քամպոտիոյ, Պոսնիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններ եւ այսօր տակաւին շարունակուող մարդկային աղէտը Տարֆուրի մէջ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.