2011-08-05 12:16:35

Նոյեան Տապանի Մնացորդներէն Մասնիկ Մը Կիլիկիա Թանգարանին Մէջ։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, վերջերս ստացաւ Նոյեան տապանի մնացորդներէն մասնիկ մը` տարի մը առաջ Արարատ լեռ բարձրացած եւ Նոյեան տապանի հետքերը գտած իտալացի Թիթօ Տէ Լուքայի կողմէ: Նոյեան տապանի այս կտորը իտալացի լեռնագնացին կողմէ վեհափառին փոխանցեց, Մխիթարեան միաբանութենէն հայր Վահան Օհանեան: Յայտնենք, որ իտալացի լեռնագնացը տարի մը առաջ այցելութիւն տուած էր Անթիլիասի մայրավանքը: Վեհափառին թելադրութեամբ Նոյեան տապանի այս մասունքը պիտի զետեղուի Կիլիկիա թանգարանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.