2011-08-05 12:30:22

Նարեկ Աղօթամատեանի Հնագոյն Ձեռագիրի Պատճէնին Թուագրուած Օրինակները Կը Շարունակեն Մտնել Հայ Տուներէն Ներս։


Շուրջ մէկ տարի առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ, եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Գաբիրէլ Չէմպէրճեանի, Անթիլիաս հրատարակեց ՙՆԱՐԵԿ՚ Աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրին պատճէնը, թուագրուած 1000 օրինակներով միայն, որոնք հնադարեան ձեռագիրին համապատասխանող արծաթապատ իրենց կազմով, շքեղ ու թանկարժէք օրհնութիւն դարձան ցարդ բազմաթիւ հայ տուներու:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքին ի նպաստ կատարուած այս սքանչելի հրատարակութեան մասին արտայայտուելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. ՙՆԱՐԵԿ-ը հայուն հաւատքի երկրորդ գիրքը եղած է ու կը մնայ, Աստուածաշունչ Մատեանէն ետք: Անոր հրաշագործ կարողութիւնը նկատի ունենալով, միշտ երկիւղածութեամբ մօտեցած է մեր ժողովուրդը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հոգեկան ճենճերումները ամփոփող այս հատորին: Անոր հնագոյն ձեռագիրին պատճէնահանումը այսօրուան արհեստագիտութեան կատարելագործուած միջոցներով, իսկական օրինակին հարազատ վերարտադրումն է, որ իր արծաթապատ շքեղ կազմով տիրական ներկայութիւն դարձած է բազմաթիւ հայ օճախներէ ներս՚:
Մի քանի տասնեակ օրինակները որոնք ի պահ դրուած կան Վեհարանին մէջ, վստահաբար շուտով պիտի գտնեն իրենց տէրերը՝ երթալով հայ տուներէ ներս, ամբողջացնելու համար մեր ազգի մեծագոյն սուրբերէն Ս. Գրիգոր Նարեկացիի օրհնաբաշխ ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս տարածելու բարի աշխատանքը:









All the contents on this site are copyrighted ©.