2011-08-04 13:41:50

Աստուածաշունչը Թարգմանուած 2.527 Լեզուներով։Ճշմարիտ Բաբելոնի Աշտարակ։


''Աստուածաշունչի ընդհանրական ուխտը'' անցեալ 25 յուլիսին հաղորդագրեց որ Ս. Գիրքը թարգմանուած է 2.527 լեզուներով։
Նշենք որ ''Աստուածաշունչի ընդհանրական ուխտը'' կազմուած է 145 ազգային ս. գրային ընկերակցութիւններու եւ ունի որպէս կեդրոն Անգլիոյ Ռիտինք քաղաքը։
Ներկայիս Ս. Գիրքի ամբողջական տպագրութիւնը տրամադրելի է 469 լեզուներով։ Նոր Կտակարանը ամբողջութեամբ թարգմանուած է 1.231 լեզուներու եւ կան 827 թարգմանութիւններ Ս. Գիրքի որոշ գիրքերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.