JMJ -Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան Համար Պատրաստուած Է Աւելի Քան 600.000 ''Ուխաւորի
Գիրք''
''Ուխաւորի գիրք''ը՝ ծիսական գործնական աղօթքի գիրք մըն է, օգնելու համար երիտասարդը
լաւագոյն կերպով հետեւելու 16էն-21 օգոստոսին տեղի ունեցող բոլոր ծիսակատարութիւններուն։
Երիտասարդը ներփակ կը գտնէ նաեւ առաւօտեան ու երեկոյեան ամէնօրեայ աղօթքները։ Բացի
աղօթքներէն, JMJ-ի կազմակերպիչ մարմինը խորհրդածութիւններ կ'ընծայէ երիտասարդներու հաւաքին
հոգեւոր բնոյթի եւ կարգ մը ծիսակատարութիւններու իմաստին մասին։ Նոյնպէս ''ուխաւորի գիրք''
հատորին մէջ կարելի է գտնել JMJ-ի պաշտպան սուրբերու կենսագրագրութիւնները, ինչպէս աղօթել
սուրբ վարդարանը, խոստովանանք կատարել եւ զանազան ծիսակատարութիւններուն ընթացքին երգուելիք
բազմաթիւ հոգեւոր երգեր։ Ի դէպ՝ 600.000 ''ուխաւորի գիրք'' տպագրուած է եօթը լեզուներով։ Երիտասարդութեան
համաշխարհային օրուան յայտագիրին մէջ նախատեսուած է ''Քրիստոս գեղարուեստի ընդդմէջէն''
նիւթին մասին յատուկ ցուցադրութիւնը Բրատօ թանգարանին մէջ։ Վատիկանի թանգարանը իր նպաստը
բերած է այս ցուցահանդէսին տրամադրելով՝ Գարավաճոյի ՜՜Քրիստոսի խաչէն էջքը՝՝ իւղանկարը։
Այս գլուխ գործոցը գործադրուած է 1603-ին որ եւ կը կոչուի ''խաչին զետեղումը''։ Իր տեսակին
մէջ եզակի այս ցուցահանդէսը կը ներփակէ 14 իւղանկարներ` որոնք ճշմարիտ գանձ են Քրիստոսի
պատկերացումներուն։ JMJ-ին մասնակցող բոլոր երիտասարդներուն կարելիութիւն պիտի տրուի
մասնակցելու ցուցահանդէսին։