2011-08-03 13:39:58

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ


։
Օգոստոս 1ը ծննդեան տարեդարձն է մեծանուն Գուրգէն Մահարիի։
Ան եղաւ 20-րդ դարու հայ գրականութեան արժէքաւոր դէմքերու փաղանգին մէջ իր ամրակուռ պատուանդանը նուաճած գրողը, տաղանդաւոր ձայնը՝ խորհրդահայ գրականութեան հիմնադիր սերունդին, որ ներբողանքի դրօշակիրը դարձաւ «կարմիր արեւ»ին՝ «Մուրճ ու Մանգաղ»ին, բայց որ ցմրուր ճաշակեց դառն ու ահաւոր բաժակը նոյնինքն խորհրդային «Չարիքի կայսրութեան» եւ այսպէս կոչուած «ստալինեան մաքրագործումներ»ուն...
Գուրգէն Գրիգորի Աճէմեան ծնած էր 1903-ի Օգոստոս 1ին, Վանի մէջ՝ Արեւմտահայաստանի պորտը հանդիսացող քաղաքին մէջ:
Արեւմտահայու իր կազմաւորումը եւ մանկութեան ու պատանեկութեան իր յիշողութիւնները վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան իր հետագայ կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին համար։ Վանեցիի իր իւրայատուկ կազմաւորումով Մահարի մշակեց թէ՛ իր ազգային¬քաղաքական մտածողութիւնը, եւ թէ՛ իր գեղարուեստական գրականութիւնը։
Որբանոցի տարիներուն Մահարի ծանօթացաւ Չարենցին եւ ուղղակի իբրեւ ուսուցիչի կապուեցաւ անոր հետ։ 1922ին լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը՝ «Արտամետեան Գիշերներ» խորագրով։ Երկրորդ հատորը բանաստեղծութեանց՝ «Մրգահաս» խորագրով, լոյս տեսաւ 1932ին, «Ձօն՝ Եղիշէ Չարենցին» ներածութեամբ։ Աւելի ուշ, աքսորէ վերադարձին, լոյս տեսան Մահարիի բանաստեղծական միւս ժողովածուները՝ «Ծովի Երգեր»ը, «Հնձաններ»ը, «Անդունդն Ի Վեր»ը, «Անանձնական»ն ու «Պոեմներ»ը: Բանաստեղծական իր գործերուն մէջ, մանաւանդ սկզբնական շրջանին, մեծապէս զգալի են ոչ միայն արեւմտահայ գեղապաշտ սերունդին, այլեւ Տէրեանի ու Չարենցի ազդեցութիւնները։
Գուրգէն Մահարիի գրական ժառանգութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն իր նամակները, որոնք երկար տարիներու վրայ գրուած են քսաներորդ դարու մեր գրականութեան մեծարժէք դէմքերուն եւ կը շօշափեն ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ ազգային մեր կեանքին հրատապ խնդիրները։
Գուրգէն Մահարի վախճանեցաւ Յունիս 17ին, 1969 թուին, Պալանգա (Լիթվա) եւ թաղուեցաւ Երեւան։
Ուշագրաւ է, որ Մահարի՝ այդքա՜ն բազմաչարչար կեանք ապրելով հանդերձ, խոր համոզումով տէր կանգնեցաւ իր կտրած ուղիին։ Ինչպէս որ իր ինքնակենսագրականի աւարտին կþընդգծէ.
«… Եթէ այս րոպէին ներս մտնէր ահեղ եւ ամենակարող Եհովան, նստէր իմ դիմաց, մի ծխախոտ վառէր եւ ասէր.¬ Տալիս եմ քեզ երկրորդ կեանք, գծիր քո երկրորդ կեանքի ուղին օրօրոցից մինչեւ գերեզման, ինչպէս որ ցանկաս, եւ կը կատարուի քո կամքը… ինչպէ՞ս կþուզէիր ապրել։ Ես նրան կը պատասխանէի, առանց վարանելու - Ճիշտ այնպէս, ինչպէս ապրեցի»։
Միայն 66 տարի ապրած եւ մէկ կեանքի ընթացքին երկու անգամ արմատախիլ եղած՝ գաղթ ու աքսոր ճաշակած մեծարժէք հայ գրողի ծննդեան տարեդարձին առթիւ կը ներկայացնենք ՜՜ Նոյն Կարօտով՝՝խորագիրը կրող եւ «Սիրելի Ակսէլին» վերտառութեամբ գրուած Մահարիի բանաստեղծութենէն հետեւեալ տողերը.
Նոյն կարօտով ես նայում
Միչեւ հիմա իմ աչքին,
Ու իմ աչքերը հէնց քո
Կարօտներից սեւացան,
Հաւատացի ես մի օր
Քո անմարմին երազին,
Սեւ ցելերի սերմացան,
Սեւ ցելերի սերմնացան:








All the contents on this site are copyrighted ©.