2011-08-02 10:22:47

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մատրիտ Կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութեան Յայտագիրը։


Օգոստոս 18-21 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Մատրիտ առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ, գլխաւորելու՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային 26րդ օրուան հանդիսութիւնները։ Սպանիոյ մայրաքաղաքը իր կեցութեան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումներ կ' ունենայ երկրին իշխանութիւններուն հետ։ 19 օգոստոսին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ'ունենայ Սպանիոյ թագաւոր՝ Խուան Գարլոսի եւ անոր կողակիցին` Սոֆիա թագուհիին հետ, ապա նաեւ վարչապետ Ռոտրիկէս Ծաբադերոյի հետ։
Մատրիտի առաքելական ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետին 20-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը։
Ի դէպ, Նորին Սրբութիւնը 18 օգոստոսին Մատրիտ կը հասնի, եզրափակելու՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, որ իրեն համար երրորդը կը հանդիսանայ Գերմանիայէն ( 2005ին) եւ Աւստրալիայէն (2008ին) ետք։
18 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9,30ին, Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Չամբինօ օդակայանէն Մատրիտ կը մեկնի ընկերակցութեամբ 30 հոգինոց շքախումբի եւ 50 լրագրողներու։
Իր առաջին ճառը կ'արտասանէ բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին, ապա կը մեկնի առաքելական դեսպանատուն։ ժամը 19.15ին Նորին Սրբութիւնը ընկերակցութեամբ 5 ցամաքամասերը ներկայացնող երիտասարդներուն, մուտք կը գործէ Սիբելես կոչուած հրապարակը, սկիզբ տալով՝ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան հանդիսութեանց, եւ որուն ընթացքին ճառ մը նախատեսուած է։
19 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10-ին. Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն կ'ունենայ Սպանիոյ թագաւորին ու թագուհիին հետ, արքայական ՜՜Զարզուելա՝՝ պալատին մէջ։ Ապա կ'ուղղուի արքայական աբբայարանը ուր հանդիպում կ'ունենայ սպանացի երիտասարդ վանականներուն հետ եւ անոնց ճառ մը կ'ուղղէ։ Կէսօրին առաքելական դեսպանատան մէջ կը ճաշէ խումբ մը երիտասարդներու ընկերակցութեամբ։
Յետմիջօրէին հանդիպում կ'ունենայ նախարարապետ Ծաբադերոյի հետ։ Իսկ երեկոյեան իր ճառը կ'արտասանէ ճանապարհ խաչի աղօթքի ընթացքին։ Ճանապարհ խաչի 14 կայաններու՝ ամէն մէկ կայանի ընթացքին նախատեսուած է պատկերացոլացումը Սպանիոյ մարզերուն։
20 օգոստոսի՝ առաւօտեան ժամը 9ին, Նորին Սրբութիւնը խոստովանատուն կը նստի խումբ մը երիտասարդներու ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարելու, ասիկա առաջին անգամն է որ նման նախաձեռնութիւն մը կը կազմակերպուի Երւտասարդութեան օրուան շրջանակէն ներս։ Ժամը 10-ին Ալմուտենա մայր եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Հայրը Ս. պատարագ կը մատուցէ եւ կը քարոզէ աշխարհի բոլոր ժառանգաւորներուն։
Յետմիջօրէին նախատեսուած է հանդիպում մը երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան բոլոր կազմակերպիչներու հետ։ Երեկոյեան կ'այցելէ Ս. Յովսէփի նուիրուած անկարներու կեդրոնը։ ժամը 20,30ին Գուարդօ Վենդոս կոչուած օդակայանին մէջ հանդիպում կ'ունենայ աշխարհի չորս կողմերէն եկած երիտասարներուն հետ եւ անոնց կ'ուղղէ իր հայրական պատգամը։
Յաջորդ օրը, 21 օգստոսին, նոյն վայրին մէջ , Նորին Սրբութիւնը եզրափակիչ պատարագ կը մատուցէ եւ որուն կը յաջորդէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, աւարտին` պիտի յայտարարէ 2013ին երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան կայանալիք վայրը։
Կարտինալներու հետ ճաշելէ ետք, առաքելական դեսպանատան մէջ, ժամը 5,30ին հանդիպում կ'ունենայ կամաւորներուն հետ։ Իսկ 18,30ին ողջերթի արարողութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը կը մեկնի դէպի Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.