2011-08-02 11:03:26

2011 Հայ Մանուկի Տարի։ Հռչակուած Արամ Ա. Վեհափառի Կողմէ։


Ինչպէ՞ս պէտք է սորվեցնել Աստուածաշունչը։ Հրայր Ճէպէճեան Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը լաւապէս կարելի կ՛ըլլայ փոխանցել մանուկին եւ թափանցել անոր սրտին ու հոգիին մէջ, երբ կը գործածես նոյնինքն մարմնային զգայարանքները:
«… Ուրեմն հաւատքը լսելէն է…»: (Հռովմէացի 10:17): Մանուկը պիտի սիրէ լսել Աստուածաշունչի պատմութիւնները: Եթէ պատմասացութիւնը անցեալին գործածուած լաւ ձեւերէն մէկն էր տեղեկութիւնները փոխանցելու, ուրեմն զայն անպայման պէտք է նկատի առնել նաեւ այսօր, որովհետեւ այս ձեւը տակաւին գործածելի եւ արդիւնաւէտ է: Պատմելով Աստուածաշունչի պատմութիւնը, իմա` ճշմարտութիւնը, եւ լսելով այդ բոլորին մասին` մանուկը պիտի իւրացնէ զանոնք եւ իր կեանքին մէկ մասը պիտի դարձնէ: Տեսողութեամբ կարելի է գրաւել մանուկին ուշադրութիւնը. մանուկը պիտի դիտէ, կարդայ, որպէսզի ամբարէ ու հիմնաւորէ բոլոր տեղեկութիւնները: Բայց ան անպայմանօրէն պիտի դպչի եւ շօշափէ, որպէսզի իր մէջ յաւելեալ հանգստութիւն եւ սէր դրսեւորուին: Աստուածաշունչի պատմութիւնները խաղերու ընդմէջէն մատուցելով մանուկին` կը նպաստենք, որ աստուածաշնչային դաստիարակութիւնը աւելի մատչելի ու դիւրաւ ընկալուող ըլլայ:
Աստուածաշունչը բոլոր ժամանակներու ալ չհինցող եւ չմաշող կեանքի «ուժն» է: Ան կը հանդիսանայ քրիստոնէական մեր հաւատքին հիմքը, որուն վրայ պիտի կերտենք անհատական եւ հաւաքական մեր կեանքերը: Մանուկը այս դաստիարակութեամբ թրծելը, երբ ան տակաւին «ճամբան նոր սկսած է», առաւել եւս ամուր հիմերու վրայ կը դնէ այս դաստիարակութիւնը եւ կ՛ամրապնդէ զայն Աստուծոյ շունչով:
2011-ը մանուկի տարի է. մեր պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութիւն փոխանցել:










All the contents on this site are copyrighted ©.