2011-08-01 14:07:27

Հայրապետական Ս. Պատարագ Եւ Եպիսկոպոսական Օծում՝ Զմմառու Տիրամօր Վանքին Մէջ (Լիբանան)։


Արհիապատիւ Միքայէլ Եպ. Մուրատեան Նոր Առաջնորդ ԱՄՆ.ի Ու Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց։

Կիրակի 31 Յուլիսի երեկոյեան, Զմմառու Տիրամօր Վանքին Մէջ (Լիբանան) Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Հայածէս Ձայնաւոր Ս. պատարագի ընթացքին եպիսկոպոսական օծումը կատարեց Գերապայծառ Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեանին։ Արդարեւ մայիս 21-ին (2011) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը զինք անուանուած էր առաջնորդ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կաթողիկէ Հայոց, Արհի. Միքայէլ եպ. Մուրատեան կը յաջորդէ Արհի. Մանուէլ Եպ. Պաթագեանին որ իր հրաժարականը ներկայացուցած էր տարիքի բերումով։
Ս Գրային ընթերցումներէն ետք, Արհիպատիւ Միքայէլ եպ. Մուրատենա իր արտասանած քարոզին մէջ, ողջունելէ ետք եկեղեցական ու քաղաքական մեծաթիւ անձնաւորութիւնները եւ ներկայ հաւատացեալները, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ իրեն պարգեւած շնորհքին համար եւ որ զինք արժանի դարձուց եկեղեցական այս աստիճանին, նաեւ երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին որ զինք անուանեց եպիսկոպոս հովուելու՝ ԱՄՆ.ի եւ Գանատայի հայ կաթողիկէ հաւատացեալները։ Գերապայծառը նաեւ իր որդիական զգացումները յայտնեց իր ծնողներուն ու նաեւ Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան որոնք իր հոգիին մէջ դրին Քրիստոսի հաւատքը, յուսալով ու մանաւանդ խոստանալով՝ որ ամբողջութեամբ նուիրուի լաւագոյն կերպով ծառայելու Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու անոր զաւակներուն, զբաղելով անոնց հոգ հոգւոցով։
Յաւարտ Ս պատարագին եւ օծման հանդիսաւոր արարողութեան նորօծ եպիսկոպոսը՝ գերպ. Միքայէլ Մուրատեան Զմմառու Մայրավանքի դահլիճին մէջ ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորութիւնները ։
Ռատիովատիկանի Հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը շնորհաւորելով նորօծ եպիսկոպոսը՝ Արհի. Միքայէլ եպ. Մուրատեանը կը յայտնէ իր բարեմաղթութիւնները որպէսզի ան լաւագոյն կերպով գործէ Քրիստոսի եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Կը շնորհաւորէ նաեւ՝ գերապայծառին ծնողները՝ Սարգիս եւ Թերեզ Մուրատեանները, ինչպէս նաեւ՝ անոր քոյրերն ու եղբայրները ու յատկապէս Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարք՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ը եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցին։
Նշենք որ Tele Lumière-ը ուղիղ եթերով եւ ամբողջութեամբ պատկերասփռեց Հայրապետական Հայածէս Ս Պատարագը եւ Եպիսկոպոսական օծումը։

ԱՄՆ.ի կաթողիկէ Հայոց նոր եպիսկոպոսը՝ Միքայէլ Մուրատեան ծնած է Պէյրութ 1961-ին. նախնական ուսումը ստացած է Զահլէի Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու դպրոցը։
- 1973-ին աշակերտած է Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան
Նորընծայարանին, ուր ստացած է միջնակարգի ու երկրորդական կրթութիւնը:
- 1981-1986 Մեծաւորներուն կողմէ ուղարկուած է Հռոմ՝ Լեւոնեան Վարժարան
եւ Տոմինիկեան Հայրերու Քահանայապետական Համալսարանէն ստացած Է
փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վկայականները:
- 1986-1987 Ֆրանսա՝ Լիոն Քաղաքի “Institut Catholique” կաճառին մէջ հետեւած
է երիտասարդ սերունդներու հովութեամբ զբաղելու մասնագիտական
դասընթացքներու:
- 24 Հոկտեմբեր 1987 Ֆրանսա-Փարիզ՝ որպէս անդամ Զմմառու Արծիւեան
Միաբանութեան, կուսակրօն Քահանայ ձեռնադրուած է, ձեռամբ Արհի.
Գրիգոր Եպսկ. Ղապրոյեանի:
Հ. Միքայէլ Մուրատեան ստանձնած է զանազան պաշտօններ. եղած է
Լիբանանի մէջ՝ Փոխ Տեսուչ Զմմառւ Դպրեվանքին: Ապա Սուրիա՝ Փոխ Տեսուչ Հալէպի Դպրեվանքին նաեւ՝ Ժողովրդապետ Դամասկոսի Թագուհի Տիեզերաց
եկեղեցւոյ: Զալքայի (Լիբանան) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Փոխ Ժողովրդապետ:
որմէ ետք անցած է Հայաստան. 1992-2001 .
- Ժողովրդապետ զանազան Հայ Կաթողիկէ Գիւղերու, Շիրակի եւ
Լոռիի մարզերուն մէջ:
- 1995-2001 Ընդհանուր Քարտուղար եւ Գործադիր Տնօրէն
Հայաստանի «Գարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան:
- 2000 թուականի Հոկտեմբեր ամսուն Հայաստանի
Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան
Նախարարութեան Մ. Նալպանտեանի անուան պետական
մանկավարժական համալսարանէն կը ստանայ «Պատուաւոր
Փրոֆեսորի» կոչումը:
2001-2004 Լիբանան՝. Ժողովրդապետ Աշրաֆիէի Աւետման Եկեղեցւոյ
- Հոգեւոր Հայր Զմմառի Դպրեվանքի ժառանգաւորներուն
- Հոգեւոր Վարիչ Պատրիարքական Թեմի Երիտասարդաց
յանձնախումբին:
- Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Աւետիք» պաշտօնաթերթի
խմբագրական կազմի անդամ:
2005ին նշանակուած է Հռոմի Լեւոնեան Ք.Հայ վարժարանի Մեծաւոր ։
Նաեւ ՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Գործակալ Սուրբ Աթոռին մօտ:
Իսկ՝ Սեպտեմբեր 2007 – Մայիս 2011 եղած է Պատրիարքական
Ընդհանուր Փոխանորդ Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան եւ Մեծաւոր
Զմմառու Մայրավանքին:
- 21 Մայիս 2011-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անուանեց զինք
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Ս. Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ Թեմին
շնորհելով անոր Եպիսկոպոսութեան աստիճանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.