2011-07-30 12:43:09

Ռմբակոծումները կը շարունակուին հակառակ Ռամատանի մօտենալուն,


Թրիփոլիի առաքելական տեղապահը ցաւ կը յայտնէ Ատլանտեան ուխտի ու Եւրոպայի անտարբերութեան ի տես։
Թրիփոլիի առաքելական տեղապահը` գերապայծառ Մարթինելլի իր ցաւը յայտնած է Ատլանտեան ուխտի ու Եւրոպայի անտարբերութեան ի տես զինադադարի` Ռամատանի իսլամական նուիրական ամսոյն առթիւ։ Բոլոր լիպիացիներու համար Ռամատանը կը մնայ նուիրական ամիս եւ այդ զգացումը պէտք է որ յարգուի։ Ատլանտեան ուխտը իր կարգին յայտնած է թէ կարելի է յարգել Ռամատանը պայմանաւ որ Մուամմար ալ Գատաֆիի ոյժերը իրենց կարգին յարգեն զինադադարը։
Թրիփոլիի առաքելական տեղապահը միաժամանակ դիտել տուած է որ Լիպիայի դէմ շարունակւող ռմբակոծումները չեն թուիր նպատակդրել լոկ զինուական թիրախներ այլեւ քաղացիական նշաններ, ինչպէս վերջերս ռմբակոծուած են կիրակուրի մթերանոցներ, ընկերային կեդրոններ։ Ի՞նչ իրաւունքով կարելի է ռմբակոծել կիրակուրի մթերանոցներ հարց տուած է գերապայծառ Մարթինելլի, ընգծելով թէ բնակիչները հոգեբանական ճնշումի ենթարկուած են Ատլանտեան ուխտի միշտատեւ թռիչքներու հետեւանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.