2011-07-30 12:05:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնները Կը Վերսկսին։


Յառաջիկայ 3 օգոստոսին` յուլիս ամսուայ դադարէն ետքը, Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները կը վերսկսին։
Նշենք որ Սրբազան հօր` չորեքշաբթիներու ունկնսդրութեան ընթացքին կատարած խորհրդածութիւնները, մայիս ամսուընէ սկսեալ, կեդրոնացած էին աղօթքի նշանակութեան վրայ։
Սրբազան Հօր հրապարակային ունկնդրութիւնները յուլիսի սկիզբը դադրեցան եւ Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ ՜՜Գասդել Կանտոլֆօ՝՝ի քահանայապետական ամարանոցը, ամառնային արձակուրդի, այս շրջանին Սրբազան հայրը իր ժամանակը յատկացուց ամբողջացնելու՝ Յիսուս Նազովրեցի գիրքին երրորդ հատորը, ու պատրաստելու՝ յառաջիկայ օրերուն Սպանիա եւ Գերմանիա կատարելիք ճամբորդութիւններու ճառերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.