2011-07-30 12:18:10

՜՜Դպրեվանքը Կը Մնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիրտը՝՝։
Կ՝ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը։


ՙԴպրեվանքը մեր Հայրապետները նկատած են սիրտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Սա տեսական յղացք մը չէ, ոչ ալ սովորական մաղթանք մը: Այսպէ՜ս եղած է մեր Ս. Աթոռին Դպրեվանքը իր մարդակերտումի առաքելութեամբ: Արդարեւ, անցնող տասնամեակներուն, Սփիւռքի մէջ, հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս առանցքային դեր ունեցած է մեր Դպրեվանքը: Սփիւռքի գաղութներէն ներս ծառայող հոգեւորականներուն, սարկաւագներուն, դպրապետներուն, ուսուցիչներուն, մտաւորականներուն մեծամասնութիւնը Դպրեվանքէն անցած են ու Դպրեվանքի ոգին ու տեսիլքը շաղախած իրենց կեանքին ու գործին մէջ: Նոյն առաքելութիւնն է որ Դպրեվանքը այսօր կը շարունակէ վերանորոգ յանձնառութեամբ՚: Այս բառերով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը երբ Դպրեվանքին նոր տեսուչ նշանակեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Գերշ. Տ. Նարեկ Ս. Արք. Ալեէմէզեանը: Արդարեւ, անցնող հինգ տարիներուն Գերշ. Տ. Շահէ Ս. Եպս. Փանոսեան նուիրումով ծառայելէ յետոյ Դպրեվանքին, Վեհափառ Հայրապետը զինք նշանակեց Քուէյթի եւ Ծոցի Երկիրներու Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ:
Նարեկ Սրբազանի կողքին, որպէս Տեսչութեան անդամ Վեհափառ Հայրապետը նշանակեց Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանը, Հոգշ. Տ. Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեանը եւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեանը: Նաեւ որոշ փոփոխութիւններ եղան ուսուցչական կազմէն ներս: Ուսուցչական կազմը կը գլխաւորէ Վեհափառ Հայրապետը, աւարտական դասարանին դասաւանդելով աստուածաբանութիւն:
Դպրեվանքի Տեսչութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի սկսի նոր սաներու արձանագրութեան: Յայտնենք, որ Դպրեվանք կրնան դիմել նախակրթարանը աւարտած, ինչպէս նաեւ պրէօվէի ու պաքալորէայի դասարանները աւարտած աշակերտներ՝ Սփիւռքի բոլոր գաղութներէն, բնականաբար մուտքի քննութիւն տալէ յետոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.